Home ԱՅԼԱԶԱՆ Ի Յայտ Եկած Են Օսմանեան Փաստաթուղթեր` Հայ Որբերու Իսլամացման Վերաբերեալ

Ի Յայտ Եկած Են Օսմանեան Փաստաթուղթեր` Հայ Որբերու Իսլամացման Վերաբերեալ

by MassisPost

Archive2turkish

 

Archive2

Հայոց ցեղասպանութեաՆ ժամանակ Օսմանեան կառավարութիւնը գործադրութեան դրած է նաեւ հայ կանանց ու  երեխաներու մէկ մասը թրքացնելու եւ իսլամացնելու քաղաքականութիւն, ինչ որ եւս պէտք է դիտուի  Ցեղասպանութեան ընդհանուր պատկերին մէջ:

Բռնի իսլամացուած հայ կանայք եւ երեխաներ թէեւ փրկուած են զուտ ֆիզիքապէս, սակայն որպէս ազգ` ոչնչացուած են:

Այս մասին անդրադարձած է «Ակունք » կայքէջը, հրապարակելով երկու  օսմանեան փաստաթուղթեր եւ անոնց արեւմտահայերէն թարգմանութիւնները` Անգարայի շրջանին մէջ գտնուող  շէնքի մը մէջ հաւաքուած հայ որբերու մասին:

Առաջին փաստաթղթին մէջ ներքին գործերու նախարար Թալէաթ անպատեհ կը նկատէ հայ երեխաներու այդ շէնքին մէջ հաւաքական կերպով մնալը եւ կը հրահանգէ, որ անոնք ցրուին իսլամական կազմակերպութիւններու մօտ: Իսկ երկրորդ փաստաթուղթը, այդ հրահանգի պատասխանն է` տրուած Անգարայի փոխնահանգապետ Աթիֆի կողմէ, ուր ան որոշ մանրամասնութիւններ  կը հաղորդէ այդ շրջաններուն մէջ գտնուող հայ կանանց եւ երեխաներու թիւերու մասին եւ կը յայտնէ, որ հայ մանուկները կը բաժնուին իսլամական կազմակերպութիւններուն:

Այս փաստաթղթերը օսմանեան արխիւներուն  մէջ գտած, արեւմտահայերէնի թարգմանած  եւ Akunq.net-ին տրամադրած է ամերիկաբնակ  պոլսահայ ուսումնասիրող` Գէորգ Յակոբեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment