Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընտրութիւններուն Օրը Փոխելու Կոնգրեսի Նախաձեռնութեան Միացած է 14 Պատգամաւոր

Ընտրութիւններուն Օրը Փոխելու Կոնգրեսի Նախաձեռնութեան Միացած է 14 Պատգամաւոր

by MassisPost

ԱԺ ՀԱԿ խմբակցութեան՝ ընտրութիւններու օրը փոխելու նախաձեռնութեան միացած է 14 պատգամաւոր: Այս մասին այսօր Ազգային ժողովին լրագրողներուն ըսաւ ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան: Ըստ պատգամաւորին ԱԺ-ի «մարդ չկայ», այդ պատճառով ալ քիչ են ստորագրութիւնները:

Արամ Մանուկեան ըսաւ, որ իրենց ժամանակը սուղ չէ, ընտրութիւններու օրը փոխելու համար վաղն ալ ստորագրութիւն կը հաւաքեն պատգամաւորներէն: Ան ըսաւ, որ խոստումներ կան որոշ պատգամաւորներու կողմէ, որ կը միանան դիմումին: Անհրաժեշտ 27 ստորագրութիւնները հաւաքելէ յետոյ ՀԱԿ կը դիմէ ՍԴ՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրը փոխելու հարցի քննարկման համար:

Ստորագրած պատգամաւորներու կարգին են Հրանդ Բագրատեան, ՀԱԿ խմբակցութեան միւս անդամները, Համախմբում կուսակցութեան պատգամաւորները՝ Վարդան Օսկանեանի գլխաւորութեամբ, ԲՀԿ-էն Նաիրա Զօհրապեան, Վահէ Էնֆիաճեան, Միքայէլ Մելքումեան, միացած է նաեւ Թեւան Պօղոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment