Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժնի աշխատանքները համակարգող, Երեւանի քաղաքապետի օգնական Մարիա Բարաղամեան այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացուցած է զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ 2016-ին իրականացուած աշխատանքներն ու 2017-ի ծրագրերը:
Ներկայացուածներէն մի քանին ստորեւ.
Երեւանի քաղաքապետի օգնականը նկատած է, որ ըստ պետական վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն` 2016-ին Հայաստան եկած է 1 259 657 զբօսաշրջիկ, որոնք առնուազն մէկ օր անցուցած են Երեւան: Զբօսաշրջիկներու հիմնական ներհոսք նկատուած է յատկապէս Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանցիսկոսի այցի եւ մայրաքաղաքի օրուան նուիրուած տօնակատարութեան օրերուն։
Անդրադառնալով զբօսաշրջութեան բաժնի կողմէ կարեւորուող 2017-ի համար նախանշուած ծրագրերուն եւ աշխատանքներուն՝ Երեւանի քաղաքապետի օգնական Մարիա Բարաղամեան ներկայացուցած է անոնցմէ թիրախայինները:
«Զբօսաշրջային ենթակառուցուածքների զարգացման տեսանկիւնից կարեւորուում է Երեւանի կենդանաբանական այգու արդիականացման ծրագիրը, նկատուում է այցելուների մեծ ակտիւութիւն: Երեւանը զբօսաշրջիկների համար գրաւիչ ու հետաքրքիր վայր դարձնելու միւս ծրագրերից է «Վերնիսաժի» վերակառուցումը եւ արդիականացումը:
Փոխադրական խնդրից բացի, յառաջիկայում համայնք-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան շրջանակում Երեւանի կեդրոնում կը տեղադրուի նաեւ 6-7 պիօզուգարան»: