Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քառօրեայ Պատերազմէն յետոյ ԼՂՀ Կառավարութեան Յատուկ Հաշուեհամարին Մուտքագրուած է Մօտ 5,5 Միլիառ Դրամ

Քառօրեայ Պատերազմէն յետոյ ԼՂՀ Կառավարութեան Յատուկ Հաշուեհամարին Մուտքագրուած է Մօտ 5,5 Միլիառ Դրամ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրապարակած է քառօրեայ պատերազմէն յետոյ բացուած յատուկ հաշուեհամարի մուտքերու եւ ելքերու (ծախսերու) վերաբերեալ ընդհանրական հաշուետուութիւնը՝ 1 Յունուար, 2017-ի դրութեամբ:

4 Ապրիլ, 2016-էն մինչեւ 1 Յունուար, 2017-ը, 7903 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձանց կողմէ կառավարութեան յատուկ հաշուեհամարին փոխանցուած է, ընդհանուր առմամբ, 5 484 130 100 ՀՀ դրամ:

1 Յունուար, 2017-ի դրութեամբ՝ հաւաքագրուած գումարներէն եւ կառավարութեան արտպիւճէական հաշիւէն տարբեր նշանակութեան ծախսեր կատարուած են՝ ընդհանուր առմամբ 6 003 654 100 դրամի չափով, որոնք արտայայտուած են հետեւեալ ընդհանրական տողերուն մէջ՝

Փոխանցում ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ 1 359 862,200 ՀՀ դրամ: Այդ միջոցները տնօրինած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ ըստ իր կարիքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն:

Ռազմական նշանակութեան արուեստագիտութեան եւ սարքաւորումներու ձեռքբերում՝ 1 458 724 500 ՀՀ դրամ: Առաջնագծի ամբողջ երկայնքով տեղադրուած այդպիսի սարքաւորումները բարձրացուցած են դիրքերու պաշտպանունակութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ՝ հակառակորդի տեղաշարժի վերահսկման հնարաւորութիւնները՝ թէ՛ մերձակայ եւ թէ՛ հեռու տարածութիւններու վրայ, թէ՛ ցերեկային եւ թէ՛ գիշերային պայմաններու մէջ:

Ճարտարագիտական աշխատանքներու կատարում՝ 1 144 556 400 ՀՀ դրամ: Այս աշխատանքները ներառած են եւ՛ առաջնագծի, եւ՛ թիկունքային ճարտարագիտական ամրութիւններու կառուցում եւ բարեկարգում:

ՊԲ կարիքներու համար ենթակառուցուածքներու, երթեւեկի ու կապի ծառայութիւններու եւ հիմնական ծախսերու իրականացում՝ 1 012 035 600 ՀՀ դրամ:

Այս ծախսերու միջոցով բարելաւուած են առաջնագծին սպասարկող ենթակառուցուածքները, արդիականացուած են կապի միջոցները:

Զօրակոչուած քաղաքացիներուն եւ կամաւորականներուն դրամական աջակցութեան տրամադրում՝ 1 028 476 400 ՀՀ դրամ: Ֆինանսական աջակցութիւն տրուած է ԼՂՀ գրանցում ունեցող այն կամաւորներուն, որոնք կա՛մ գործազուրկ/ինքնազբաղ էին եւ որոշակի եկամուտ կորսնցուցած են կամաւորութեան ընթացքին, կա՛մ հաստատագրուած գումարի չափէն աւելի ցած աշխատավարձ կը ստանային:

Յատուկ հաշուեհամարին հաւաքագրուած միջոցներէն շուրջ 520 մլն դրամ աւելի գումար ծախսուած է, որ ուղղուած է կառավարութեան արտապիւճէական հաշիւէն:

Բացի կառավարութեան յատուկ հաշուեհամարին հաւաքագրուած գումարներով կատարուած աշխատանքներէն, տարբեր ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձինք եւս առանձին աջակցութիւն ցուցաբերած են յատկապէս արուեստագիտական միջոցներու, մեքենաներու եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներու տրամադրման տեսքով: Իսկ ճարտարագիտական աշխատանքներու զգալի մասը կատարած են շինարարական մասնաւոր ընկերութիւններ՝ կառավարութեան կողմէ իրենց ծախսերու մասնակի փոխհատուցմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment