Home ԳՐԱԿԱՆ Պոլսոյ Մէջ կը Տպագրուի Սարոյեանի «Անունս Արամ է» Պատմուածքներու Ժողովածուի Թրքերէն Թարգմանութիւնը

Պոլսոյ Մէջ կը Տպագրուի Սարոյեանի «Անունս Արամ է» Պատմուածքներու Ժողովածուի Թրքերէն Թարգմանութիւնը

by MassisPost

Պոլսոյ մէջ գործող «Արաս» հայկական հրատարակչութիւնը շուտով վաճառքի կը հանէ ամերիկահայ գրող Ուիլյըմ Սարոյեանի «Անունս Արամ է» պատմուածքներու ժողովածուի թրքերէն թարգմանութիւնը:

Այս մասին յայտնած է հրատարակչութեան պաշտօնական կայքէջը:

Գիրքը առաջին անգամ տպագրուած է 1940-ին ՝ անգլերէնով։ Պատմուածքները հայ արմատներ ունեցող տղայի՝ Արամ Գարօղլանեանին եւ իր հարազատներուն մասին է, որոնք բնակած են ԱՄՆ-ի Ֆրեզնօ քաղաքը։

«Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնադրուած է Պոլիս՝ 1993-ին: Հրատարակչութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին կրցած է շատերուն համար դառնալ «պատուհան» դէպի հայկական գրականութիւն, քանի որ կը զբաղի հայ դասականներու, հայոց պատմութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքերու թրքերէն թարգմանութեամբ՝ հասանելի դարձնելով զայն թրքական հասարակութեան բոլոր խաւերուն:

Հրատարակչութիւնը ունի նաեւ արեւմտահայերէնով հրատարակուած գիրքեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment