Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կը Սպասուին Լարուած եւ Սուր Ընտրութիւններ.Կանխատեսումներ

Կը Սպասուին Լարուած եւ Սուր Ընտրութիւններ.Կանխատեսումներ

by MassisPost

Ապագայ խորհրդարանի որոշումները պիտի ընդունուին հնարաւորինս լայն համաձայնութեամբ, ինչը կը մեծցնէ քաղաքական ուժերու դերակատարութիւնը: Ըստ էութեան այդ խորհրդարանի բոլոր քաղաքական ուժերը պիտի ըլլան յաղթողներ եւ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը հաւասար պատասխանատուութիւն պիտի կրեն ընդունուող որոշումներուն համար: Այս կարծիքը յայտնած է Հանրապետական պատգամաւոր Արտակ Դաւթեան: Անոր գնահատմամբ՝ այդ է պատճառը, որ այս ընտրութիւններուն բաւականին փորձառութիւն ունեցող քաղաքական ուժերը կը մասնակցին առանձին, իսկ նորաստեղծ քաղաքական ուժերը, լաւ հաշուարկելով ու կշռելով իրենց հնարաւորութիւնները, ընտրութիւններու կ’երթան դաշինքներ կազմելու ճանապարհով: Այս խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէներու համար պայքարը պիտի ըլլայ բաւականին լարուած եւ սուր՝ կանխատեսեց հանրապետական պատգամաւոր Արտակ Դաւթեան:

«Եթէ ընտրութիւններն անցկացնեն անթերի: Սա է թերեւս առաջնայինը: մնացած բոլոր հարցադրումները, թէ ով ինչքան քուէ կը ստանայ կամ ինչպիսին կը լինի ապագայ խորհրդարանի պատկերը, այդ գաղափարին է երկրորդուում»:

Ազատ Դեմոկրատներ կուսակցութեան վարչութեան անդամ Անժելա Խաչատրեանի ձեւակերպմամբ՝ այս ընտրութիւններու հակումը դաշինքներն են, սակայն, անոնք երբեմն ինքնանպատակ են: Ազատ Դեմոկրատները իր ցուցակով պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն՝ համախմբելով սկզբունքօրէն ազատական գաղափարներ կրողներուն:

ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր, «Ռեֆորմիսներու» կուսակցութեան նախագահ Վահան Պապայեան կը կարծէ, որ քաղաքական ուժերու մրցակցութեան հնարաւորութիւնը ապահովուած է եւ յոյս ունի, որ այս ընտրութիւնները զերծ կ’ըլլան  արատաւոր երեւոյթներէ, քանի որ կը տեսնէ այդ քաղաքական կամքը: «Ռեֆորմիստներ» նորաստեղծ կուսակցութեան ղեկավարը ըսաւ, թէ իրենք առանձին չեն մասնակցիր ընտրութիւններուն:

«Ժամանակներն ընթանում են առաջ եւ յետադարձ հայեացքներով քաղաքական գործունէութիւն չի լինի կառուցել: Կարծում եմ, այսօր քննարկել մէկ-երկու տարի առաջուայ իրադարձութիւնները, երկրորդական է: Գագիկ Ծառուկեանը իմ նախկին ղեկավարն է եղել, ԲՀԿ-ի իմ գործընկերները իմ նախկին գործընկերներն են եղել: Ես բոլորի հանդէպ լցուած եմ միայն յարգանքով եւ այստեղ որեւէ տրագեդիա չկայ»:

Անդրադառնալով Գագիկ Ծառուկեանի վերադարձի հետ կապուած ՀՀԿ-ի մէջ եղած տարբեր կարծիքներուն՝ հանրապետական պատգամաւոր Արտակ Դաւթեան ըսաւ, որ հարցադրումներ եղած են, որուն անդրադարձած է նախագահը՝ շեշտելով, որ ինք չէ ողջունած Ծառուկեանի վերադարձը, իսկ հանրապետական տարբեր գործիչներու կարծիքները իրենց տեսակէտն ու իրաւունքն է: «Կոնկրետ համալրման պարագայում՝ մասայական է, ըստ էութեան: Ես կարծում եմ, 11 հազարը եւ մի քանի հոգին դրանք անհամադրելի են զուտ թուային առումով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment