Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան Պիտի Ներկայացնէ Լիբանահայ Գիրքի Հրատարակութեան Պատմութիւնը

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան Պիտի Ներկայացնէ Լիբանահայ Գիրքի Հրատարակութեան Պատմութիւնը

by MassisPost

Հայկազեան Համալսարանի Օգն. Փրոֆեսոր Անդրանիկ Տագէսեանը յատուկ դասախօսութիւն պիտի ներկայացնէ Լիբանահայ Գիրքի Հրատարակութեան Պատմութեան մասին որը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2017ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Ապրիլ Գրատան մէջ՝   415 E. Broadway, Glendale, CA.  Մուտքը ազատ է: Ներկաները պիտի հիւրասիրուին:
Միաժամանակ պիտի ներկայացուի Դոկտ. Տագէսեանի հեղինակած նոր գիրքը՝ «Լիբանանի հայօճախը՝ Համարկումի խաչուղիները (1920-2005)»:  Հեղինակը պիտի ներկայացնէ «Արարատ-Էսքիճեան» Թանգարանի տնօրէնուհի՝ Մակի Մանկասարեան Կոշինը: Դասախօսութիւնը նուիրուած է լիբանահայ գիրքի հրատարակութեան պատմութեան

Լիբանանի մէջ հայերէն առաջին գիրքը տպուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ, 1894ին: Դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ համապատկերը անցնող հարիւրամեակին Լիբանանի մէջ լոյս տեսած գիրքերուն՝ իբրեւ թուաքանակ եւ բնոյթ եւ զարգացման հոլովոյթ: Պիտի ներկայացուի նաեւ համառօտ պատմութիւնը լիբանահայ տպարաններու եւ անոնց բերած նպաստը Սփիւռքի գրահրատարակչական գործին ու ծաւալումին: Նիւթ պիտի դառնան նաեւ մատենաշարերը եւ գրական մրցանակները որոնք լիբանահայ գրահրատարակչութեան թափ տուող կարեւոր գործօններ են: Անդրադարձ պիտի կատարուի մանկական գրականութեան, երաժշտական գրականութեան զարգացման եւ լիբանահայ այժմու գրական միջավայրին:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ծնած է Պէյրութ: Աւարտած է ՀԲԸՄ Յովակիմեան Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանը (1978): Վկայուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայ Գրականութեան բաժնէն Մագիստրոս վկայականով (1983), Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Քաղաքական Գիտութիւններու բաժնէն (Մագիստրոս Արուեստից, 1989), Ապըրտին Համալսարանէն դոկտորականը պաշտպանած է Սուանզի Համալսարանին մէջ (Ուէյլզ, 2012): Ան տնօրէնն է Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին (2011), Պատասխանատու Քարտուղարը՝ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին (1993), անդամ է Հայագիտութեան Հարցեր հանդէսի խմբագրակազմին (2014): Դոկտ. Տագէսեանի գիտական հետաքրքրութիւնները ուղղուած են ինքնութեան, համարկումի, Սփիւռքի պատմութեան, մշակոյթին եւ ժողովրդագրութեան, եւ Միջին Արեւելքի ժողովրդավարութեան հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment