Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ ԵԱՀԿ Ներկայացուցիչ «Լապշին Ատրպէյճանի մէջ Կ’ենթարկուի Ծանր Պատիժներու»

ԵԱՀԿ Ներկայացուցիչ «Լապշին Ատրպէյճանի մէջ Կ’ենթարկուի Ծանր Պատիժներու»

by MassisPost

Մինսկի մէջ, Ալեքսանդր Լապշինի ձերբակալման վերաբերեալ տուեալներուն հրապարակումէն անմիջապէս ետք ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի կողմէն նախաձեռնուած է աշխուժ աշխատանք մարդու իրաւունքներու ոլորտի միջազգային կազմակերպութիւններու եւ այլ գործընկերներու հետ:

ԶԼՄ-ներու ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿ ներկայացուցիչ Տունիա Միատովիչ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին ուղղուած պաշտօնական նամակով ներկայացուցած է իր դիրքորոշումը Լապշինի գործով:

Տ. Միատովիչ, մասնաւորապէս, տեղեկացուցած է, որ հետեւած է ռուս բլոգեր եւ լրագրող Ալեքսանդր Լապշինի գործին Մինսկի մէջ անոր ձերբակալման օրէն՝ 15 Դեկտեմբեր 2016-էն:

Ըստ Տունիա Միատովիչի՝ ինք ամբողջութեամբ տեղեկացուած է, որ Ա. Լապշինին Ատրպէյճանի մէջ կը սպասուեն ծանր պատիժներ, եթէ անոր Պելառուս իշխանութիւնները արտայանձնեն: Ուստի, բազմիցս դիմած է ԵԱՀԿ-ի Պելառուս Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւն, ինչպէս նաեւ նամակ ուղարկած է Պելառուս Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարին՝ յայտնելով մտահոգութիւններ այն մասին, որ յանձնելու պարագային Լապշին կ’արժանանայ անարդար վերաբերմունքի՝ որպէս վրէժխնդրութիւն իր լրագրողական գործունէութեան եւ իր տեսակէտները արտայայտելու համար, այդ կարգին՝ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող մարդու իրաւունքներու կարեւոր հիմնահարցերուն հետ:

Տունիա Միատովիչ ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հաւաստիացուցած է, որ դիմած է Պելառուս իշխանութիւններուն՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու այդ գործին այն առումով, որպէսզի Լապշինի իրաւաչափ լրագրողական գործունէութիւն իրականացնելը չսահմանափակուի: Տունիա Միատովիչ նաեւ վստահեցուցած է, որ ուշադրութեամբ պիտի հետեւի այս գործի  յետագայ զարգացումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment