Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ապրիլ 2-ին Նշանակուած Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Օրը Փոխելու Առաջարկ

Ապրիլ 2-ին Նշանակուած Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Օրը Փոխելու Առաջարկ

by MassisPost

ՀՀԿ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով յայտարարած է, որ եթէ բոլոր քաղաքական դերակատարները գան քաղաքական պայմանաւորուածութեան՝ «առանց բացառութեան բոլոր կուսակցութիւնները», ապա ընտրութիւններու օրը 3-էն 4 օրով կը յետաձգուի:

«Հայկական վերածնունդ» կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Էտկար Առաքէլեան ըսաւ, որ իրենք դէմ չեն ընտրութիւնները մի քանի օրով յետաձգելու՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Ապրիլ 2-ին նախորդ տարուան ապրիլեան իրադարձութիւնները տեղի ունեցած են:

«Համախմբում» կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Արեգնազ յայտնեց, որ իրենք հարցը չեն քննարկած, բայց նախապէս խնդրին անդրադարձած են, նշելով բոլոր իրաւական հիմքերը, որ Ապրիլ 2-ին ընտրութիւններ կայացնելը կը հակասէ Սահմանադրութեան:

Հայ Ազգային Կոնգրես կուսակցութեան աւելի շուտ տարածած հաղորդագրութեան համաձայն կոչ ըրած էր ընտրութիւններու օրը նշանակել Ապրիլ 21-էն 30-ի միջեւ:
«Ազատ Դեմոկրատներէն» Յովհաննէս Ղազարեան յայտնեց, որ կուսակցութեան մէջ հարցը չէ քննարկուած:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, ղեկավար Նաիրա Զօհրապեանի խօսքով, դէմ չէ, որ Ապրիլ 2-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու օրը փոխուի: Ան նշած է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու նշանակուած օրուան հետ կապուած կայ ոչ միայն իրաւական, այլեւ բարոյական խնդիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment