Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Տաւոսի Համաժողովին չէ Մասնակցած «Աշխատանքային Ծանրաբեռնուածութիւններու Պատճառով»

Հայաստան Տաւոսի Համաժողովին չէ Մասնակցած «Աշխատանքային Ծանրաբեռնուածութիւններու Պատճառով»

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութեան որեւէ ներկայացուցիչ չէ մասնակցած ներդրումներ գրաւելու՝ աշխարհի խոշորագոյն հարթակներէն մէկը համարուող Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովին: Այս մասին տեղեկացուցին Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Մենք ամբողջովին հետեւում ենք կատարուած գործընթացին, սակայն աշխատանքային ծանրաբեռնուածութիւններից ելնելով հնարաւորութիւն չեղաւ մասնակցելու այդ համաժողովին»,- նշեց Կարապետան, աւելցնելով. «Ես համաձայն եմ, որ Տաւոսի համաժողովը կարող էր լաւ հարթակ հանդիսանալ, որպէսզի նաեւ դա ներկայացուէր, սակայն դա միակը չէ եւ այդ համաժողովին չմասնակցելը դեռ չի նշանակում, որ մեր ներդրումային ծրագրերը չեն ներկայացուելու բոլոր հետաքրքիր եւ պոթենցիալ ներդրողներին»:

Կարէն Կարապետեանի կառավարութեան գործունէութեան առաջին 100 օրը ամփոփող հաշուետուութեան մէջ նշուած է՝ 2016-ի առաջին իննը ամիսներուն երկիր հոսած օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները կազմած են ընդամէնը 92 միլիոն տոլար կամ ՀՆԱ-ի շուրջ 1.3 տոկոսը, ինչը երկարաժամկէտ տնտեսական աճ ապահովելու համար բաւարար չէ:

Համեմատութեան համար նշենք, որ Վրաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան համաձայն, 2016-ին այդ երկրի օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները կազմած են աւելի քան 1 միլիառ 625 միլիոն տոլար: Ատրպէյճանի կեդրոնական դրամատան տուեալներով, անցեալ տարուան առաջին ինը ամիսներուն օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները Ատրպէյճան կազմած են 5 միլիառ 439 միլիոն տոլար կամ 59 անգամ աւելի հայաստանեան ցուցանիշէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment