Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ստեփան Տեմիրճեան ու Գագիկ Ծառուկեանը Քննարկած են Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Հարցը

Ստեփան Տեմիրճեան ու Գագիկ Ծառուկեանը Քննարկած են Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Հարցը

by MassisPost

Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավար Ստեփան Տեմիրճեանն ու Գագիկ Ծառուկեանը հանդիպած են եւ քննարկած ընտրութիւններուն մասնակցելու ձեւաչափը։ Այս տեղեկութիւնը հաստատած է կուսակցութեան քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան։

Նշենք, որ մամլոյ մէջ կը շրջանառուի, որ Ստեփան Տեմիրճեան համաձայնած է միաւորուիլ Գագիկ Ծառուկեանի ստեղծելիք դաշինքին, որուն դիմաց անոր խոստացած են ընտրական ցուցակի 5–րդ տեղը։

Գրիգոր Յարութիւնեան վստահեցուց, թէ ցուցակին մէջ զբաղեցնելու տեղի վերաբերեալ քննարկում չկայ։

Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ Ստեփան Տեմիրճեան հանդիպած է նաեւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի հետ։ Գրիգոր Յարութիւնեան այս լուրը հերքեց։ Ընդգծենք, որ Ստեփան Տեմիրճեան անձամբ հերքած էր Գագիկ Ծառուկեանի հետ հանդիպելու լուրը, աւելին՝ պնդած էր, թէ եթէ քննարկումներ սկսին, ապա առաջինը իրենց դաշնակից Հայ Ազգային Կոնգրեսի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment