Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրանդ Տինքի Յիշատակի Ոգեկոչում՝ Փարիզի Մէջ

Հրանդ Տինքի Յիշատակի Ոգեկոչում՝ Փարիզի Մէջ

by MassisPost

Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան «Նազարբէկ» Երիտասարդական Միութիւնը, Յունուար 19, 2017ին, Հայ Եւրոպական Խորհուրդի (ՀԵԽ) հետ միասնաբար կազմակերպեց կլոր սեղան մը, «Խօսքի, Մտքի եւ Մամուլի Ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ» խորագրով, Փարիզի Մայր Եկեղեցւոյ Նուրհան Ֆրինկեան սրահին մէջ:

Այս կլոր սեղանը խորքին նպատակ ունենալով Հրանդ Տինքի սպանութեան 10րդ տարելիցի նշումը, որ պատահեցաւ 10 տարիներ առաջ, նոյն օրը, կազմակերպիչներու որոշումով վերածուած էր քաղաքական վերլուծական հանդիպման:

Հրանդ Տինք իր մէջ կը մարմնաւորէր թուրքիոյ հասարակական մտքի ժողովրդավարացման փորձի ու հայ եւ թուրք զոյգ մշակոյթներու համագոյատեւման խորհրդանիշը: Ան կը ներկայացնէր նոր յոյս մը թուրքիոյ հայ համայնքին համար եւ մանաւանդ թուրքիոյ ժողովրդավարներուն համար: Այս յոյսը խորտակուեցաւ 10 տարիներ առաջ: Բայց եւ այնպէս, պատմութիւնը ցոյց տուած է որ սպանութիւն, ջարդ եւ նոյնիսկ ցեղասպանութիւն անկարող են կատարելագործել հայութեան բնաջնջումը: Այսօր, այդ յոյսը դրուած է Կարօ Փայլանի ուսերուն վրայ որ այդ դժուար առաքելութեան, թուրքիոյ ժողովրդավարացման աշխատանքին լուծուած է, նոյն ինքն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:

Կլոր սեղանին մասնակցեցան լրագրողուհի Վիլմա Գույումճեան, Նուվէլ Արմէնի Մակազինի խմբագրապետ Արա Թորանեան, լրագրող-հեղինակ Էրօլ Օզգորայ եւ Հրանդ Տինքի վաղեմի ընկեր, Պելկէ հրատարակչատան հիմնադիր, թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու հիմնադիրներէն Րաժիպ Զարաքօլու:

Մասնակիցները ելոյթ ունեցան հետեւեալ նիւթերուն շուրջ: Հրանդ Տինքի կեանքն ու անոր ունեցած եւ թողած ազդեցութիւնը Թուրքիոյ հայոց համայնքին եւ հայկական սփիւռքին վրայ. Թուրքիոյ հայ երիտասարդութեան յանձնառութիւնը եւ քաղաքականացումը. Թուրքիոյ հասարակականութեան կրած փոփոխութիւնները Հրանդ Տինքի սպանութենէն եւ Կեզիի դէպքերէն ետք. Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութեան արմատներն ու հոլովոյթը. Թուրքիա եւ Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները:

ՍԴՀԿ-ի «Նազարբէկ» Երիտասարդական Միութիւնը շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Ֆրանսայի Հայոց թեմի Առաջնորդ, Տէր Վահան Սրբազան Յովհաննէսեանին, Առաջնորդական աթոռակալ Տէր Գրիգոր Խաչատրեանին, Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Յուսիկ Քահանայ Սարգիսենին եւ բոլոր ներկաներուն:
«Արեւելք»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment