Home ԱՅԼԱԶԱՆ Քիմ Քարտաշեան եւ Շէր կը Գլխաւորեն «Յայտնի Հայեր»ու Ցուցակը

Քիմ Քարտաշեան եւ Շէր կը Գլխաւորեն «Յայտնի Հայեր»ու Ցուցակը

by MassisPost

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան 2016 թուականի հանրային կարծիքի հետազօտութիւնը պարզած է, թէ որքանով  համաշխարհային լսարանը տեղեակ է Հայաստանի, հայերու եւ «Աւրորա» մրցանակին մասին:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմենբրէս»՝ վկայակոչելով «IDeA» հիմնադրամը, հետազօտութիւնը իրականացուցած է «New Place Consultancy» ընկերութիւնը՝ «Kantar Group»ի «TNS Opinion» միջազգային հասարակական հետազօտութիւններու գործակալութեան խորհրդատուութեամբ: Հետազօտութիւնը ցոյց  տուած է, որ անոնք, որոնք լսած են «Աւրորա» մրցանակին մասին, մեծ մասամբ դրական տրամադրուած են անոր նկատմամբ: Դրական տրամադրուածութեան պատճառներու շարքին կը նշուի, որ մրցանակը մեծարման կ’արժանացնէ այնպիսի մարդիկ, որոնց աշխատանքն այլապէս չէր չանցուէր, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ աշխարհի մէջ հայերու դրական կերպարի ձեւաւորման:

Հանրային կարծիքի հետազօտութիւնն անդրադարձած է նաեւ աշխարհի մէջ Հայաստանի եւ հայերու մասին իրազեկուածութեան: Արդիւնքները ցոյց կու տան, որ համաշխարհային հանրութիւնը գլխաւորաբար գիտէ հայկական համայնքներուն, հայկական խոհանոցին եւ պատմութեան մասին:

Հետազօտութիւնը միեւնոյն չափումները (գիտելիք, իրազեկուածութիւն, հետաքրքրութիւն, ներգրաւուածութիւն) դիտարկած է նաեւ հայկական Սփիւռքի շրջանին: Պարզուած է, որ հայերու մասին սփիւռքահայերու եւ օտարերկրացիներու ընկալումները նման են. հայերը գլխաւորաբար կը բնութագրուին որպէս հպարտ, ընկերասէր եւ յարգալից:

Հետաքրքրական է, որ հակառակ անոր, որ հարցուածներու մէկ երրորդին կարծիքով հայկական համայնքները կարեւոր են իրենց երկիրներուն մէջ ինչպէս պետական, այնպէս ալ տեղական մակարդակներու վրայ, սակայն հարցուածներու մեծամասնութիւնը կը համարէ, որ հայկական համայնքները փոքր դեր կը խաղան իրենց երկիրներուն մէջ: Հայկական համայնքներու ազդեցութիւնն աւելի շատ կը դիտարկուի մտաւոր, մշակութային, հասարակական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ: Քիմ Քարդաշեան եւ Շէր կը գլխաւորեն ամենանշանաւոր հայ յայտնիներու ցուցակը՝ ինչպէս համաշխարհային հանրութեան, այնպէս ալ սփիւռքահայերու շրջանին:

Հայաստանի Հանրապետութեան մասին դիտարկումները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի նկատմամբ նշանակալի հետաքրքրութիւն կայ որպէս երկիր եւ որպէս ճամփորդական ուղղութիւն: Հակառակ անոր, որ համաշխարհային հանրութեան ներկայացուցիչները Հայաստանը չեն դիտարկեր որպէս գործարարութեամբ զբաղելու վայր, սփիւռքահայերու զգալի մասը ցանկութիւն ունի տեղեկանալ Հայաստանի գործարար միջավայրին մասին: Երկու հայերէն մէկը եւ եօթ օտարերկրացիներէն մէկը հաւանական կը համարէ, որ ապագային կրնայ այցելել Հայաստան:

Հետազօտութիւնն իրականացուած է երկու հանգրուանով՝ 2016 թուականի Մարտին եւ Յունիս-Յուլիս ամիսներուն 10 երկիրներու մէջ՝ ԱՄՆ, Գանատա, Աւստրալիա, Ֆրանսա, Արժանթին, Դանիա, Նորվեկիա, Յունաստան, Գերմանիա եւ Ռուսիա:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment