«Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը պատրաստ է համագործակցիլ բոլոր այն ուժերուն հետ, որոնք կը պայքարին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի ազատութեան, ընտրական իրաւունքի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան համար, ըսաւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան:
«Այդպիսի ուժերից է Սէյրան Օհանեանը, Արամ Սարգսեանը, Վարդան Օսկանեանը, շատ քաղաքական գործիչներ կան, ում հետ ես համաձայն եմ հիմա, սակայն, նախկինում ունեցել եմ բազմաթիւ տարաձայնութիւններ»,- ըսաւ ան:
Րաֆֆի Յովհաննիսեան նշեց, որ Սէյրան Օհանեանը ունի պետական կարեւոր փորձ եւ կրնայ դառնալ երկրի ապագայ ղեկավար. «Երկու շաբաթ է մնացել եւ այդ ընթացքում դուք կը տեսնէք` մեր կուսակցութիւնն առանձին կը գնայ անհաւասար պայքարի, կը գնայ դաշինքային մօտեցմամբ` անհաւանական դաշնակիցների հետ, կամ էլ կ’ասի`«Ժառանգութիւնը» ծառայել է երկրին եւ տեղը նոր սերունդինն է: Պէտք է գտնենք գործընկերներ, որոնց հետ հնարաւոր կլինի համագործակցել»:
Րաֆֆի Յովհաննիսեան նշեց, որ «Ժառանգութեան» մէջ, Մարտի 1-ի վերաբերեալ տարբեր կարծիքներ կան, սակայն, կարելի չէ ըսել, որ կուսակցութեան մէջ հակասութիւններ կան: Անոր խօսքով` այժմ էականը նոր, սահմանադրական, իշխանափոխուած, ինք իշխան Հայաստան ստեղծելն է: