Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ Նախընտրական Զեկոյց – «Նոր Ընտրական Համակարգը Բարդացուած է»

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ Նախընտրական Զեկոյց – «Նոր Ընտրական Համակարգը Բարդացուած է»

by MassisPost

2 Ապրիլին, Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը բարձրաձայնած է տարածքային ցուցակներու շուրջ հնչեցուած մտահոգութիւնները: «Կարիքների գնահատման առաքելութիւն» կոչուող զեկոյցին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է, թէ «նոր ընտրական համակարգը բարդացուած է»:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանի ընդգծմամբ, ընտրական գործընթացի մասնակիցները լիակատար վերահսկողութիւն իրականացնելու իրաւասութիւններ ունին, որ ուղղուած է որեւէ բնոյթի իրաւախախտում կանխելուն:

Քուէաթերթիկի մէկ կողմը պիտի ներկայացուի կուսակցութեան անուանումը, միւս կողմը՝ տարածքային համակարգով մասնակցող թեկնածուներու բաց ցուցակը: Ընտրողը կրնայ ընտրել ինչպէս կուսակցութիւնը, այնպէս ալ ընտրութիւն կատարել տարածքային ցուցակով առաջադրուած թեկնածուներուն միջեւ:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ/ԺՄԻԳ-ի դիտարկման, թէ նոր ընտրական համակարգը բարդացած է, Տիգրան Մուկուչեան արձագանքեց. «Գլխաւոր խնդիրն ընտրողին իրազեկելն է»,- ու շարունակեց՝ «Ընտրական օրէնսգրքով ամրագրուած է, որ ընտրողը կարող է ընտրել միայն ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութիւններից որեւէ մէկի քուէաթերթիկը: Եւ եթէ այդ քուէաթերթիկի հակառակ կողմում նա նշում չի կատարում, դա համարուում է քուէ, որն ընտրողը տուել է տուեալ կուսակցութեանը: Կարծում եմ՝ սա խառնաշփոթ չի առաջացնի: Ես նորից եմ նշում՝ այստեղ կարեւորագոյն խնդիրը ընտրական գործընթացի մասնակիցների իրազեկ լինելն ապահովելն է»:

Զեկոյցը նաեւ յիշեցուցած է, թէ կուսակցութիւնները խորհրդարան յայտնուելու համար պէտք է յաղթահարեն ընտրական շեմի 5, իսկ դաշինքները՝ 7 տոկոսը: Մրցակիցներու միջեւ տեղերը նախ պիտի բաշխուին կուսակցութիւններու համամասնական ցուցակներու ստացած ձայներու հիման վրայ: Մնացած տեղերը կը բաշխուին տարածքային ցուցակներուն մէջ ներառուած յաղթած թեկնածուներու միջեւ: Այն թեկնածուները, որոնք կ’ընտրուին տարածքային ցուցակով, դուրս կու գան կուսակցութեան համամասնական ցուցակէն։

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի զեկոյցը անդրադարձած է նաեւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած՝ խորհրդարանական կայուն մեծամասնութեան մասին դրոյթին, ըստ որուն, կառավարութիւն ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ է 54 տոկոս ձայն հաւաքել: Ինչպէս նաեւ անդրադարձած է ընտրութիւններուն մասնակցած անձանց ցուցակներու հրապարակման, ընդգծելով, որ իրենց զրուցակիցները այս կը դիտարկեն որպէս վստահութեան ամրապնդման արժէքաւոր միջոց ու հնարաւոր կեղծիքները կանխող գործիք:

Զեկոյցը անդրադարձած է նաեւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին, որ պատասխանատու է ընտրական ամբողջ գործընթացին: Յիշեցնելով, որ յանձնաժողովը կ’ընտրուի խորհրդարանի անդամներու 3/5-ի կողմէ, 6 տարի ժամկէտով, ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի զեկոյցի հեղինակները ընդգծած են հանգամանքը, որ ԿԸՀ-ի բոլոր նախկին անդամները վերընտրուած են 2016-ի Հոկտեմբերին:

«Ես չգիտեմ, թէ ինչով է պայմանաւորուած անվստահութիւնը, որովհետեւ յղումը կատարուում է տարբեր մասնակիցների, որոնց հետ վերջիններս հանդիպել են եւ որոնցից տեսակէտներ են լսել: Կարող են դրանք ամենատարբեր լինել՝ կախուած այն հանգամանքից, թէ յատկապէս իրենց որ զրուցակիցն է նման տեսակէտ յայտնել»,- ըսած է ԿԸՀ-ի ղեկավարը:

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ն իր զեկոյցով խորհուրդ կու տայ, որ Ապրիլի 2-ին խորհրդարանական ընտրութիւնները դիտարկուին ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութեան 24 երկարաժամկէտ, իսկ բուն ընտրութիւններու օրը՝ 250 կարճաժամկէտ դիտորդներու կողմէ, Հայաստանի իշխանութիւններու պաշտօնական հրաւէրի պարագային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment