Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Զարթօնք. «Կարօ Փայլանը Առանձին Չէ»

Նոր Զարթօնք. «Կարօ Փայլանը Առանձին Չէ»

by MassisPost

Մամլոյ եւ Հասարակութեան,

Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունեցած է 01/13/2017 թուականին: Փայլան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է 19րդ դարու Օսմանեան Կայսրութեան ազգերու համակարգին եւ առաջին սահմանադրութեան բազմաձայն ոգիին: Նաեւ յիշեցուցած է Գրիգոր Օտեանի դերը:
Ցաւօք սրտի, այս Սահմանադրութիւնը, ընդունելութենէն կարճ ժամանակ ետքը Օսմանեան-Ռուսական պատերազմի պատրուակով գործադրութենէ դադրեցուած է Ապտուլ Համիտի կողմէ: Մահմետական (56 պատգամաւորներ) եւ ոչ-մահմետական (40 պատգամաւորներ) ժողովուրդներու ներկայացուցիչներէն բաղկացած այս բազմաձայն խորհրդարանը պիտի փակուէր Սուլթանի կողմէ (14 Փետ. 1878):

Այս պալատական յեղաշրջման յաջորդած է 30 տարուայ բռնատիրական շրջանը: Այս շրջանը, որ մեծ տառապանքներու պատճառ եղած է, «հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, խաղաղութիւն» կարգախօսներով պիտի վերջանար: Իթթիհատական եռեակի իշխանութեան գլուխ անցնիլը եւ յաջորդող Ա. Աշխարհամարտի իբր հետեւանք Օսմանեան Կայսրութիւնը կործանուեցաւ: Թալաթ, Էնվէր եւ Ճեմալէն բաղկացող այս եռեակը, պատերազմը յարմար առիթ համարելով հայերու եւ ասորիներու դէմ ցեղասպանութիւն գործեցին:
Կարօ Փայլան իր ելոյթին մէջ մատնանշած է այս պատմական իրականութիւնը: Այս առիթով այն փոխանցած է պատմութեան ընթացքին բազմիցս տարբեր վայրերու մէջ յայտնուող միապետական վարչաձեւի վնասները:

Այս օրինակելի ելոյթը անարգաբար ընդհատուած է այլ քաղաքական կուսակցութիւններու պատգամաւորներու կողմէ: «Չկայ ցեղասպանութիւն», «ապրուածները ցեղասպանութիւն չէք կրնար անուանել» պոռչտուքներու տակ Փայլան չէ կրցած շարունակել իր ելոյթը: Խորհրդարանի փոխնախագահ Ահմեդ Այտըն «Գիտէք,թէ ինչ կ’ըսէք, ես ինչ ընեմ: Ուշադրութիւն ըրէք ձեր շարժումներուն: Դուք չէք կրնար օգտագործել այս ազգը վիրաւորող արտայայտութիւններ» ըսելով միջամտած է: Ան այս խօսքերով յարձակած է Կարօ Փայլանի խօսքի ազատութեանն ու ամպիոնի անձեռնմխելիութեան: Նաեւ պատժի ենթարկած է Կարօ Փայլանը, զայն հետեւող երեք նիստի մասնակցելու իրաւունքէն զրկելով, հակառակ անոր որ հայ պատգամաւորը վիրաւորական կամ նուաստացուցիչ ոչ մէկ բառ արտայայտած էր:

Այնպիսի վարչակարգի մը մէջ կ’ապրինք, որ պատգամաւոր մը իսկ չի կրնար բացատրել իր գաղափարներն ազատօրէն, նոյնիսկ ամպիոնէն: Եթէ ընդունուի, նոր սահմանադրութիւնը աւելի ծանր պայմաններ պիտի բերէ: Անգամ մը եւս կ’ուզենք յայտարարել, որ կը մերժենք միապետական վարչակարգը, որ պատմութեան ընթացքին մարդկութեան ոչ մէկ բան բերած է բացի պատերազմէն, աղքատութենէն եւ տառապանքէն եւ ոչ մէկ նպաստ ունի հասարակական խաղաղութեան, հաւասարութեան եւ ազատութեան պայքարին:

Կը զօրակցինք Կարօ Փայլանին, որ իրականութիւնը համարձակօրէն յայտնած է խորհրդարանի ամպիոնէն եւ ՀՏՓցի պատգամաւորներուն, որոնք զօրակցած են իրէն:

Կեցցէ՛ ժողովուրդներու համերաշխութիւնը

Նոր Զարթօնք

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment