Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Զինուած Խումբի» Գործով Դատավարութիւնը «Շոու է»

«Զինուած Խումբի» Գործով Դատավարութիւնը «Շոու է»

by MassisPost

Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ,  Յունուար 13-ին, հերթական անգամ յետաձգուեցաւ «Զինուած խումբի» գործով դատական նիստը:

Դատարանը յայտարարեց, որ Արդարադատութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ Վահան Շիրխանեան հրաժարած է դուրս գալ եւ ուղեկցուիլ դատարան: Վահան Շիրխանեանի շահերու պաշտպան Հայկ Ալումեան յայտարարեց, որ բժշկական ծառայութեան կողմէ կազմուած տեղեկանքը, որ ներկայացուած է դատարանին,  չի համպատասխանէր իրականութեան, քանի որ արդէն մի քանի ամիսէ ան անկողնային հիւանդ է: Հայկ Ալումեանը նշեց, որ դատարանը պէտք է բժշկական փաստաթուղթ պահանջէ Շիրխանեանի առողջական վիճակին մասին` նշելով, որ այդ փաստաթուղթը իրեն չէ տրամադրուած:

Ամբաստանեալներէն Նելլի Մինասեանի շահերու պաշտպան Ինեսսա Պետրոսեան նշեց, որ արհեստականօրէն յետաձգուած են դատական նիստերը: Ան նշեց, որ  ՔԿՀ-ի վատ աշխատանքի պատճառով բոլորին իրաւունքները խախտուած են:

Նշենք, որ դատական նիստը յետաձգելու որոշումը բարկացուց գործով ամբաստանեալներ Խաչիկ Աւետիսեանը եւ Արթուր Վարդանեանը: Դատական նիստի վերջը Խաչիկ Աւետիսեան յայտարարեց, որ ինքը այլեւս պիտի չի ներկայանայ նիստերուն, իսկ Արթուր Վարդանեան յայտարարեց` «Դատարանը շոու է»:

Յաջորդ դատական նիստը տեղի կ’ունենայ 20 Յունուարին, ժամը 14:30:

Ըստ մեղադրական եզրակացութեան՝ Արթուր Վարդանեան 2015-ի Ապրիլէն ստեղծած ու ղեկավարած է ՀՀ քաղաքացիներէն կազմուած յանցաւոր համագործակցութիւն, կազմակերպուած խումբի կազմին մէջ ապօրինի կերպով ձեռք բերած է, պահած, փոխադրած եւ կրած մեծ քանակութեամբ զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր, պայթուցիկ սարքեր` նպատակ ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը իւրացնել:

Հայր Անտոն Տիգրան Թիւթիւնճեան 2015-ի Ապրիլէն անձնապէս ծանօթացած է Սպանիայէն ժամանած Արթուր Վարդանեանի հետ, մասնակցած է վերջինիս կողմէն ստեղծուած ու ղեկավարած յանցաւոր համագործակցութեան` ֆինանսաւորելով զայն:

Պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահան Շիրխանեան, Գառնիկ Մարգարեան, Վլատիմիր Առաքէլեան, Խաչիկ Աւետիսեան, Աւետիս Բարէեան, Վաղինակ Ստեփանեան, Արթուր Եղիազարեան, Վահագն Սալնազարեան, Արման Հայրապետեան, Էդուարդ Նէրսիսեան, Յարութիւն Սարիբեկեան, Արա Պօղոսեան, Տիգրան Պօյաճեան, Գէորգ Ջնդոյեանը, Արկատի Մարտոյեան, Ասիա Մկրտչեան, Մարինէ Գաթանեան, Նելլի Մինասեան նոյնպէս միացած են Արթուր Վարդանեանին:

Բոլորին մեղադրանք առաջադրուածէ Քրէական օրէնսգրքի 223-րդ յօդուածի (Յանցաւոր համագործակցութիւն ստեղծելը կամ յանցաւոր համագործակցութեան մասնակցիլը),  235-րդ յօդուածի 3-րդ (Ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, իւրացնելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը, կատարուած են կազմակերպուած խումբի կողմէն) եւ 35-300-րդ յօդուածի 1-ին մասով (Իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւն): Նշենք, որ դատարան ուղարկուած է այն անձանց գործը, որոնց մեղադրանքը վերջերս խստացուած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment