Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փոստանճեան՝ Օսկանեանն ու Օհանեանը Պիտի Ընդունին, որ Մեղաւոր են Մարտի 1-ի Համար

Փոստանճեան՝ Օսկանեանն ու Օհանեանը Պիտի Ընդունին, որ Մեղաւոր են Մարտի 1-ի Համար

by MassisPost

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան մէջ տարակարծութիւններ կան․ պատգամաւոր Զարուհի Փոստանճեան պնդած է, որ կուսակցութիւնը պէտք է միայնակ երթայ ընտրութիւններուն, իսկ կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան դաշինքի կողմնակից է։ Նախկին պատգամաւոր Անահիտ Բախշեան, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան միանալու առաջարկ ստացած է։

«Նախկին արտգործնախարար Վարդան Օսկանեանի եւ Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը դաշինքի կը գնայ միայն մի դէպքում՝ եթէ նրանք ընդունեն, որ մեղաւոր են Մարտի 1-ի համար եւ ընտրութիւններից յետոյ կանգնեն դատարանի առաջ», – յայտարարած է Զարուհի Փոստանճեան։

«Ժառանգութեան» փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան ակնարկած է, որ կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեան իր նման կողմ է դաշինքով ընտրութիւններու երթալուն։

Մարտիրոսեան համարած է, որ Օսկանեան Մարտ 1-ին կրակելու հրաման չէ տուած եւ անոր հետ համագործակցութիւնը չի բացառէր, նոյնը Սէյրան Օհանեանի պարագային:

Զարուհի Փոստանճեան պնդած է, որ վարչութեան նիստի ժամանակ կը պայքարի այլ կարծիքներու դէմ, չի պատրաստուիր համակերպիլ, կուսակցութիւնը լքել:

Արմէն Մարտիրոսեան,  կը կարծէ, որ հիմա կարեւորը իշխանափոխութիւնն է, իսկ անկէ ետք Փոստանճեան կրնայ երկու նախկին պաշտօնեաներուն դէմ հայց ներկայացնել դատարան։

Զարուհի Փոստանճեան չի կարծէր, թէ «Ժառանգութիւնը» դաշինքով կ’երթայ ընտրութիւններուն, քանի որ Օհանեանը եւ Օսկանեանը իր պահանջներուն չեն համաձայնիր, ուստի իրենք պիտի շարունակեն միայնակ պայքարիլ իշխանափոխութեան համար: «Ես պատրաստ եմ իմ ծառայութիւնները մատուցել, եւ եթէ կը յաջողուի իմ օրոք, շատ ցանկալի կը լինի, եթէ ոչ՝ ապա ապագան նաեւ այլ անձանց է փոխանցուելու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment