Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թուրքիա Մտադիր է Հայաստանի եւ Իրանի Հետ Սահմանին Պատ Կառուցել

Թուրքիա Մտադիր է Հայաստանի եւ Իրանի Հետ Սահմանին Պատ Կառուցել

by MassisPost

Թուրքիոյ իշխանութիւնները մտադիր են Սուրիոյ հետ սահմանին կրաձոյլ պատ կառուցելէ յետոյ նմանօրինակ պատ կառուցել նաեւ Հայաստանի ու Իրանի հետ սահմանին:

Ըստ շրջանառուող տեղեկութիւններուն` պատի կառուցումը պիտի իրականացնէ Թուրքիոյ կառավարութեան կից պետական բնակարանաշինութեան վարչութիւնը (TOKİ): Ան, 5 մայիս, 2016–ին, ստորագրած էր արձանագրութիւն ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ֆինանսներու նախարարութեան հետ երկրի վեց նահանգներուն մէջ սահմանին 3 մեթր բարձրութեամբ եւ 2 մեթր լայնութեամբ կրաձոյլ պատ կառուցելու վերաբերեալ:

Երկրի արեւելեան սահմանամերձ քաղաքներուն մէջ, ինչպիսին են Կարսը, Իգտիրն ու Արտահանը, պատի կառուցումը մեկնաբանուած է «ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ մաքսանենգութեան դէմ պայքարելու» անհրաժեշտութեամբ:

TOKİ-ի նախագահ Էրկիւն Թուրան յայտնած է, որ արդէն ապրիլին իրենք կ’աւարտեն Սուրիոյ հետ սահմանին պատի կառուցումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment