Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճանը Պէտք է Վտարել ԵԽ Խորհրդարանական Վեհաժողովէն

Ատրպէյճանը Պէտք է Վտարել ԵԽ Խորհրդարանական Վեհաժողովէն

by MassisPost

Ատրպէյճանի քաղաքացիական ընդդիմադիրներու խումբ մը նամակով դիմած է Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ)՝ կոչ ընելով անյապաղ վտարել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան երկու անդամներուն, որոնք մեղադրուած են ԵԽԽՎ-ի անդամներուն կաշառք տալու մէջ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ամբողջ պատուիրակութեան զրկել ձայնի իրաւունքէն։

Դիմումի հեղինակները պնդած են, որ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը ամբողջովին տիրապետած է կաշառատուութեան մասին տեղեկատուութեան, բայց զայն կանխելու համար ոչինչ չէ ըրած:

ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանի նախաշեմին յղուած դիմումին մէջ նշուած է, որ ԵԽԽՎ-ի նախկին փոխնախագահ Լուքա Վոլոնթէի դէմ Միլանի դատախազութիւնը քրէական հետաքննութիւն վարած է:

Նամակի հեղինակները նաեւ պնդած են, որ ԵԽԽՎ-ն անյապաղ պէտք է վերականգնէ Ատրպէյճանի քաղբանտարկեալներու հարցերով յատուկ զեկուցողի լիազօրագիրը, համագործակցելով միջազգային ճանչցուած իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու եւ ԵԽԽՎ-ի փորձագէտներու հետ՝ առարկայական զեկոյց պատրաստէ Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու իրավիճակի վերաբերեալ, Եւրոպայի խորհուրդի շրջանակներուն մէջ կաշառակերութեան կասկածներու վերաբերեալ անյապաղ քննարկումներ սկսի, ինչպէս նաեւ սկզբունքային հարցերով յատուկ յանձնակատար նշանակէ՝ հետաքննելու ԵԽԽՎ-ի այլ անդամներու ենթադրեալ մասնակցութիւնը կաշառակերութեան գործին:

«Թուրան» գործակալութեան փոխանցմամբ՝ ԵԽԽՎ-ին ուղղուած դիմումը ստորագրած են աւելի քան երեք տասնեակ քաղաքացիական ընդդիմադիրներ: Ստորագրահաւաքը կազմակերպած է Ազատութեան եւ անվտանգութեան հիմնարկը։

ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանը պիտի կայանայ 23-27 Յունուարին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment