Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանական «Խաւիարի Դիւանագիտութիւնը»

Ատրպէյճանական «Խաւիարի Դիւանագիտութիւնը»

by MassisPost

Ամերիկայի Հայկական Համագումարը նամակը մը յղած է Ծերակոյտի Իրաւաբանական Յանձնախումբին, որ այս օրերուն լսումներ կը կազմակերպէ` ընտրեալ նախագահ  Տոնալտ Թրամփի կողմէ,  երկրի գլխաւոր դատախազի պաշտօնին վրայ Ճէֆ Սէշընզի նշանակումը հաստատելու նպատակով:

Համագումարի նամակը կը պահանջէ Ծերակոյտէն, որպէսզի նոր գլխաւոր դատախազէն ստանան յանձնարարութիւն, որ ան պիտի հետապնդէ Ամերիկայի ժողովրդավարական  մարմիններուն  վրայ օտար պետութիւններու եւ յատկապէս Ատրպէյճանի ազդեցութիւնը վերացնելու հարցը:

Ամերիկեան օրէնսդիր մարմիններէն ներս գոյութիւն ունեցող բարոյական խախտումները անցեալ շաբաթ դարձեալ լայն քննարկման առարկայ դարձան, երբ  Ներկայացուցիչներու Տան Հանրապետական մեծամասնութիւնը որոշեց փակել Գոնկրէսի կից գործող եւ կառավարութեան մէջ բարոյականութեան հարցերուն հսկող կիսանկախ գրասենեակը: Այս որոշումը այնքան մեծ աղմուկ յառաջացուց, որ 24 ժամ չանցած, Գոնկրէսի ղեկավարութիւնը ստիպուած եղաւ վերատեսութեան ենթարկել իր նախկին որոշումը:

Այս առթիւ եղած քննադատութիւններու շարքին ուշագրաւ էր Bloomberg-ի հրապարակած յօդուածը, ուր կը ներկայացուէր 11 Ամերիկացի գոնկրէսականներու,  2013-ին Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին ստացած թանկարժէք նուէրներու պատմութիւնը, որ հրապարակ հանուած էր` փակուելու ենթակայ այդ գրասենեակին շնորհիւ: Bloomberg կը  տեղեկացնէ, որ  հետագային այդ  գոնկրէսականները ստիպուած եղան պետութեան յանձնել իրենց ստացած նուէրները,  իսկ  Ատրպէյճանի վարքագիծը կոչուեցաւ «Խաւիարի դիւանագիտութիւն»:

Դարձեալ այս օրերուն, Բրիտանական Observer թերթը եկաւ հրապարակելու Ատրպէյճանի կողմէ եւրոպական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն տրուած կաշառքներու մասին կատարուած հետաքննութեան արդիւնքները:

Հայկական Համագումարի դիմումը կու գայ ազդանշան տալու, որ  Ամերիկահայութիւնը պատրաստ է իր ձայնը լսելի դարձնելու ու պայքարելու, որպէսզի Ալիեւի վարչակազմը չկարողանայ իր առատաւոր  ընթացքով վարակել նաեւ Ամերիկեան քաղաքական շրջանակները` Հայութեան դէմ իր սանձազերծած բազմակողմանի պատերազմի ծիրէն ներս:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment