Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ատրպէյճան Կ’ուզէ Ղարաբաղ Այցելած Լրագրողի Գործը Դարձնել Նախադէպ

Ատրպէյճան Կ’ուզէ Ղարաբաղ Այցելած Լրագրողի Գործը Դարձնել Նախադէպ

by MassisPost

Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը Պելառուս իրաւապահներուն ներկայացուցած է անհրաժեշտ բոլոր փաստաթուղթերը լրագրող Ալեքսանդր Լաբշինի արտայանձնելու համար, հաղորած է դատախազութեան խօսնակը:

Համացանցի վրայ իր զբօսաշրջական նօթերով յայտնի Լաբշին  տարիներ առաջ  երկու անգամ այցելած էր Ղարաբաղª զայն ճանչնալով անկախ պետութիւն, ամիսներ առաջ քննադատած էր Իլհամ Ալիեւին, որմէ ետք պաշտօնական Պաքու  անոր դէմ մի քանի քրէական գործ յարուցած էր եւ  միջազգային հետախուզում յայտարարած:

Անցեալ տարեվերջին Պելառուսը, տեղի տալով Ատրպէյճանի պահանջին, Մինսկի մէջ ձերբակալեց ու երկու ամսով ազատազրկեց Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող Լաբշինին:

Իսրայէլեան մամուլը գրած է, թէ Լաբշինի արտայանձնման հարցը որոշուած է, եւ Իսրայէլի դիւանագիտական աղբիւրները Պաքուի հետ բանակցութիւններուն որեւէ արդիւնքի չեն հասած: Աւելին, լրագրողի հարազատները իսրայէլեան Haaretz եւ Jerusalem Post պարբերականներուն պատմած են, թէ Պելառուս անվտանգութեան ուժերը հոգեբանական ու ֆիզիքական ճնշում գործադրած են անոր նկատմամբª ստիպելով ստորագրել  արտայանձման համաձայնագիրը:

«Ատրպէյճանական կողմը կ’ուզէ Լաբշինի գործը նախադէպ դարձնել»,- Haaretz-ին ըսած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով․ «Այս միջադէպը կրնայ լուրջ ձախողում դառնալ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ»:

Աւելի շուտ հաղորդուած էր, որ Իսրայէլ պաշտօնապէս խնդրած է Պելառուս իշխանութիւններէն Լաբշինին Ատրպէյճանին չարտայանձնել, սակայն Պաքուի պաշտօնեաները յստակ փոխանցած են, որ մտադիր չեն իրենց պահանջներէն հրաժարիլ:

40-ամեայ Լաբշին ծնած է Մոսկուա, քսան տարի առաջ Իսրայէլ տեղափոխուած, ծառայած է այդ երկրի զինուած ուժերուն մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը տեղեկացուցած էր, թէ պաշտօնական Երեւանը կը զբաղի ձերբակալուած բլոգըրի հարցով: Այսօր Տիգրան Բալայեան նշեց՝ աւելցնելու որեւէ բան չունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment