Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան Պարգեւատրած է Պատգամաւոր Զարուհի Փոստանճեանին Հայհոյած Ոստիկանապետին

Սերժ Սարգսեան Պարգեւատրած է Պատգամաւոր Զարուհի Փոստանճեանին Հայհոյած Ոստիկանապետին

by MassisPost

2016-ի վերջին օրերուն նախագահ Սերժ Սարգսեան ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատար, կեներալ-լեյտենանտ Լեւոն Երանոսեանին պարգեւատրեց «Հասարակական կարգի գերազանց պահպանման համար» շքանշանով։

Պարգեւատրուած բարձրաստիճան ոստիկանը անցեալ տարի աչքի ինկած էր պատգամաւոր Զարուհի Փոստանճեանին հայհոյելով եւ ՊՊԾ գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ Ծռեր» զինուած խումբին սատարողներուն՝ Սարի թաղի ցոյցը ուժով ցրելու հրաման տալով։ Պատգամաւոր Զարուհի Փոստանճեանի կարծիքով, կեներալ-լեյտենանտ Երանոսեանը մետալ ստանալու համար ոչ մարդկային, ոչ ալ մասնագիտական արժանիքներ չունի։

«Դժուար է բնութագրել պարկեշտ բառերով։ Եթէ տղամարդ լինէի, պարգեւատրողին պէտք է հայհոյէի հրապարակաւ։ Պարգեւատրողն այն անձն է, ով փորձում է մեր հայրենիքի նկատմամբ սէրը փակի տակ դնել, իսկ պարգեւատրուողը պարզապէս գործիք է»,- ըսաւ պատգամաւորը:

Հայաստանի Հելսինկեան կոմիտէի նախագահ Իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեանի համոզմամբ, եթէ հանրային կարծիքը աւելի ազդեցիկ ըլլար, իշխանութիւնը չէր պարգեւատրէր յուլիսեան իրադարձութիւններու ժամանակ ոստիկանութեան գործողութիւնները ղեկավարած եւ հանրութեան քննադատութեան արժանացած ոստիկանին։ Իշխանեան նաեւ յիշած է՝ երբ Սարի թաղին մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ բերման ենթարկուեցան, նաեւ վնասուածքներ ստացան, Երանոսեանը անժամկէտ արձակուրդ ուղարկուեցաւ։

Աւետիք Իշխանեան Երանոսեանի պարգեւատրումը որակեց ապտակ հասարակութեան։

Հանրապետական Յակոբ Յակոբեան, համակարծիք չէ ոչ իրաւապաշտպանի, ոչ ալ Զարուհի Փոստանճեանի հետ։ Ոստիկանութեան գործը, ըստ անոր, հասարակական կարգի պահպանումն է, ինչ որ Երանոսեան ըրած է յուլիսեան ցոյցերը ցրելու ժամանակ։ Յակոբեան նաեւ բացատրած է, թէ ինչու ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատարը հայհոյած է Զարուհի Փոստանճեանին՝ «Պատգամաւոր, կամ մինիստր, կամ քաղաքացի, կամ լրագրող, կապ չունի, եթէ կարգ է խախտել: Դա իրաւական նորմ չէ, բարոյական նորմ է։ Լեւոն Երանոսեանը, որպէս ոստիկան, իր բոլոր պարտականութիւնները կատարել է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment