Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանան, Հայաստան, Դէպի Ո՞ւր…

Լիբանան, Հայաստան, Դէպի Ո՞ւր…

by MassisPost

«Ողորմելի է այն ազգը, որու պետութեան ղեկավարը աղուէս մըն է, որու փիլիսոփան ձեռնածու մըն է եւ որու արուեստը կարկըտելու եւ միմոսելու արուեստն է:» Ժպրան Խալիլ Ժպրան

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնութեան առաջարկը՝ տարեվերջի առթիւ յօդուածով մը մեր մասնակցութիւնը բերելու, մեզ մղեց թերթատելու նոյն թերթին մէջ լոյս տեսած մեր յօդուածներուն մէկ մասը, որոնք ունինք մեր տրամադրութեան տակ: Նշենք, որ թէեւ մեր յօդուածները մեր պատանի տարիքէն լոյս կը տեսնէին «Արարատ»ի մէջ, սակայն 1975-ին Հայկազեան Համալսարանը աւարտելէ ետք է միայն, որ սկսանք քաղաքական վերլուծութիւններ գրել: Անոնցմէ մէկուն գրութեան թուականն է Մարտ 11, 1976 եւ կը կրէ «Հնչա՞ծ է Բանակին Ժամը» խորագիրը: Կը յիշենք, որ Մարտ 11, 1976-ի առաւօտեան ներկայացանք «Արարատ»ի խմբագրատուն եւ յանձնեցինք օր մը առաջ գրած մեր յօդուածը: Հոն, վերլուծելով ինը ամիսներէ ի վեր ընթացող փախումները, որոնք տակաւին «քաղաքացիական պատերազմ» տարազումը չէին ստացած, կը կարեւորէինք մտաւորականութեան, «ինթելիկենցիա»ի եւ բանակի (մանաւանդ երիտասարդ սպաներու) դերակատարութիւնը, այդ իրավիճակին լուծումներ գտնելու խնդրով: Ի մտի ունենալով օրուան թէժ կացութիւնը, խմբագիրը վտանգաւոր գտաւ յօդուածի լոյս ընծայումը այդ օրուան թիւով: Նոյն օրուան երեկոյեան, ճակատագրական զուգադիպութեամբ մը, ականատես դարձանք Լիբանանեան բանակի սպաներէն՝ Ազիզ Ահտապի կոչին, որ գրաւելով հեռատեսիլի կայաններէն մին, հնչեցուց յեղաշրջման առաջին յայտարարութիւնը… Մեր յօդուածը լոյս տեսաւ շաբաթ մը ետք, Մարտ 18-ին, մի քանի պարբերութիւններու գրաքննութեան զոհ երթալէ ետք… Բարեբախտաբար պահած ենք յօդուածի գրաքննուած երկու էջերու բնագիրը, սակայն ստորեւ կատարուելիք մէջբերումը լոյս ընծայուած բաժնէն է:

«Ժամանակն է, որ Լիբանանի եսակեդրոն քաղաքագէտները դադրին դէմ երթալէ երկրին ընդհանուր շահերուն, ու բռնեն վերակազմութեան ուղին, անշուշտ եթէ չեն ուզեր քալել սպաննուած Լիբանանի թափորին ետեւէն: Սակայն դժբախտութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ ուժ ունեցողը կ’անգիտանայ Լիբանանի պէտքերը, իսկ այդ պէտքերուն գիտակցողը չունի կարծես բաւարար ուժ, գործադրելու զանոնք: Ու բանակը, որմէ կը սպասուի Լիբանանի փրկութիւնը, բռնած է երկփեղկումի ճամբան: Լիբանանի փրկութիւնը ներկայիս միայն երկու ուղղութիւններէ կրնայ գալ: Կամ անմիջականօրէն վերակազմել բանակը, անոր տալով ամէն իրաւասութիւն իր հասկցած ձեւով շարժելու, ի խնդիր լուռ մեծամասնութեան ցանկացած Լիբանանի՝ «Նոր Լիբանան ու նոր լիբանանեան բանակ»ի կերտումին: Եւ կամ, բեմահարթակը յանձնել Սուրիոյ, որ իր յարմար դատած լուծումը ի գործ դնէ:»

Ի՞նչ հիման վրայ այդ եզրակացութեան յանգած էինք մենք 1976-ին: Պարզապէս զուգահեռներ տեսնելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրինակին հետ: Երկուքն ալ կը դիմագրաւէին թշնամի պետութիւն մը մէկ կողմէ եւ մեծ հարեւան մը միւս կողմէ, որ կ’ուզէր իրեն ենթարկել զինք: Հայաստանի այդ օրուան իշխանութիւնը, սպառած ըլլալով իր ուժերը, փրկութեան ուրիշ ելք չգտաւ, քան՝  յանձնուիլ համայնավարներուն: Լիբանանի եսակեդրոն քաղաքագէտներն ալ, սպառած էին իրենք զիրենք եւ եթէ բանակն ալ անկարող պիտի ըլլար մարմնաւորել պետութիւնը, ապա  քաոսէն խուսափելու միակ տարբերակը կը մնար ժամանակաւորապէս ենթարկուիլ մեծ հարեւանին՝ Սուրիոյ: Հակառակ միատարր Հայաստանի եւ բազմահամայնքային Լիբանանի դրութեանց տարբերութիւններուն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ա. Վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի 1923-ին կատարած հետեւեալ բնութագրումը կը պատշաճէր երկուքին ալ. «Հայաստանում չկայ ոչ մի դաս կամ շերտ, ոչ մի կուսակցութիւն կամ խմբակցութիւն, որ կարողանայ՝ իր ուժերով ու իր վրայ յենուած՝ դիկտատուրա հաստատել: Մեր երկրում կայուն դիկտատուրա կարող է իրականացնել միմիայն դրսի, օտար ուժը, բայց ոչ երբէք՝ տեղականը: Մեր երկիրը կարծես յատկապէս ստեղծուած է դեմոկրատական իրաւակարգի համար եւ պակասում է մի բան միայն՝ քաղաքական դաստիարակութիւն ու պետական կեանքի վարժութիւն (Շեշտադրումը մեզմէ-ՅՏԴ): Այդ մեծ պակասը դժուարացնում է իսկական ռամկավար կարգեր հաստատելու, բայց չի կարող յենարան դառնալ ներքին դիկտատուրայի համար:»

Որքա՜ն այժմէական կը հնչէ Քաջազնունիի վերեւի հաստատումը: Իրավիճակը ներկայիս կը մնայ գրեթէ նոյնը, ի բաց առեալ Սուրիայէն, որ իր հերթին զոհ կ’երթայ իրմէ աւելի մեծ պետութեանց խաղերուն: Փոքր պետութեանց ճակատագիրն է այս, ու վայ անոր, որ թատերաբեմ կը դառնայ Մեծերու հաշիւներուն: Պատմութիւնը լեցուն է այդպիսի օրինակներով ու մեր սերունդին վիճակուած էր տեսնելու օրինակները Կիպրոսի, Լիբանանի, Իրաքի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ, նշելու համար միայն շրջանի ակնառուները, առանց մտահան ընելու Հայաստանը: Երբ Մեծերը կը կռուին, ի՞նչ կրնան ընել Փոքրերը, ոտնատակ չերթալու համար: Մեր այս յօդուածը այդ հարցումին պատասխանելու փորձ մըն է: Նկատելով, որ մեր ժամանակը չի ներեր մօտէն հետեւելու լիբանանեան անցուդարձներուն, մեր խորհրդածութիւնները պիտի սահմանափակենք Հայաստանով, գիտակցելով հանդերձ, որ անոնց մեծ մասը կը պատշաճին նաեւ Լիբանանին:

Բնա՛ւ կասկածելի չէ, որ Հայաստանի Գ Հանրապետութեան հռչակումէն 25 տարիներ ետք, թէ՛ մեր պետականութիւնը եւ թէ՛ մեր ազգը, Հայաստանի թէ սփիւռքի տարածքին, ճակատագրական եւ ահազանգային ժամանակաշրջան մը կը բոլորեն: Ոստիկանական վարչակարգը, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին բացայայտումները, Յուլիսեան յուսահատական արարքը, Հայաստանի տակաւ սաստկացող արտաքին պարտքը, օրէնքի եւ արդարութեան խողխողումը, ընդերքի անխնայ չարաշահումն ու աղետալի հետեւանքները, արիւնայեղ արտագաղթը եւ երեք քառորդով աշխարհացրիւ դարձած մեր ժողովուրդին սպառնացող այլասեռման վտանգը մի քանի անհերքելի փաստացի տուեալներ են այն ահազանգային դրութեան, որուն մէջ կը գտնուինք ազգովին: Նորութիւններ չեն մեր այս հաստատումները, որովհետեւ անոնց մասին բազմիցս արտայայտուած ենք «Մասիս»ի էջերէն անցած 25 տարիներու ընթացքին:

Դժբախտութիւնը, ինչպէս կը գրէինք 1976-ին «կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ ուժ ունեցողը կ’անգիտանայ Լիբանանի(այսօր նաեւ Հայաստանի) պէտքերը, իսկ այդ պէտքերուն գիտակցողը չունի կարծես բաւարար ուժ, գործադրելու զանոնք:» Կարեւորելով ազգասէր առաջնորդի դերակատարութիւնը խառնաշփոթ իրավիճակի մէջէն անցնող պետութեանց համար, մեր «Կը Փնտռուի Առաջնորդ» (Յունուար 2, 1999) յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Մեր ազգը կը բոլորէ իրավիճակ մը, որու նմանը հարիւրամեակներ առաջ բոլորած էր եւ որու հասկացողութիւնը ըմբռնելի է միայն անոնց համար, որոնք ծանօթ են մեր պատմութեան ծալքերուն: Մեր գոյութեան երթը ամրապնդելու կոչուած հրամայականներու առջեւ կը գտնուինք, որոնք կը պարտաւորեցնեն մեր ազգի բոլոր ուժերու լարումը ամէն մակարդակի վրայ, յանուն նոյն նպատակին: Այս մարտահրաւէրային բարդ իրավիճակը կը պարտաւորեցնէ նաեւ ծնունդը, հրապարակ գալը առաջնորդի մը՝ քաջատեղեակ մեր հազարամեակներու պատմութեան ուսուցմունքներուն, քաջատեղեակ ներկայի ազգային թէ միջազգային իրադրութեանց, յստակատեսիլ ղեկավար մը, որ ժողովուրդի ողջ կարողականութիւնը ուղղէ եւ առաջնորդէ այդ տեսիլքի ուղղութեամբ»: Յօդուածը կը վերջացնէինք հետեւեալ խօսքերով. « Եթէ 1998-ն անցումային շրջան մը նկատելով, փորձենք արդարացուցիչ պատճառներ գտնել մեր այս շփոթ վիճակին, 1999-ն անպայմանօրէն որոշիչ դեր պէտք է խաղայ, որովհետեւ կարելի չէ այս ընթացքը շարունակել, առանց վերջաւորութեան տուժելու: Մինչ այդ, առաջնորդ կը փնտռուի: Նորը եւ կամ ներկայի թէ հինի վերափոխուածը:» 1999-ին, խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակած «նոր»ի (Վազգեն Սարգսեան) եւ «հին»ի (Կարեն Դեմիրջեան) միացեալ դաշինքը մեզ կը յուսադրէր, որ Հայաստան պիտի ընթանայ մեր վերեւ նշած ճիշտ ուղիով, սակայն վրայ կը հասնէր Հոկտեմբեր 27-ի սպանդը (որ կարելի է համեմատել Լիբանանի նորընտիր նախագահ Պէշիր Ճեմայէլի (1982) եւ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի (2005) ահաբեկութեանց), որ մեր նորաստեղծ պետականութեան հիմքերը կը խախտէր եւ երկիրը կը մխրճէր տիղմի մէջ: Անգամի մը համար եւս, կուսակցական եւ հատուածական շահերը կը ճզմէին ազգայինը:

«Ապագան Գուշակելու Լաւագոյն Կերպը Զայն Կերտելն է» (Յունուար 1, 2000) յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Պէտք է կուսակցական եւ համայնքային մտածողութիւնը փոխարինել պետական մտածողութեամբ, որովհետեւ մենք վերջապէս նուաճած ենք մեր անկախ պետականութիւնը եւ պէտք է ըստ այնմ բարեփոխենք մեր մտածելակերպը… Բանավէճերու եւ հրապարակային քննարկումներու միջոցաւ, հայ քաղաքական մտքի զարգացումն ու հասունացումը լաւագոյն ապաւէնը պիտի դառնայ դիմագրաւելու մեր առջեւ ցցուող մարտահրաւէրները եւ ապրելու այն ներկան ու կերտելու այն ապագան, որուն արժանի ենք ազգովին:»

«Վատնուած Տասնամեակը» (Յունուար 9, 2010) յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Ազգերու յառաջխաղացքը կը պարտինք անհատներու, որոնք բարձր իտէալներու հետապնդումով իրենց անձնական կեանքերը արժեւորելու ձգտումէն անդին, նոյն ոգիով կը համակեն ժողովրդային լայն շրջանակները, նպաստելով նաեւ անոնց վերելքին: Յառաջխաղացք չարձանագրուիր հոն, ուր կը կաշկանդուի վերելքի եւ արժեւորման հիմք հանդիսացող՝ խօսքի ու մտքի արտայայտման ազատութիւնը:»

Ու արժեւորումը կատարելով Ռոպերդ Քոչարեանի իշխանութեան տասը տարիներուն, զայն կ’որակէինք «Վատնուած Տասնամեակ»: Յօդուածը կ’աւարտէինք հարցումով մը. «Այս ընթացքով ո՞ւր հասած կ’ըլլանք յաջորդ տասնամեակի աւարտին»: Ներկայիս, երբ աչքի առջեւ կ’ունենանք Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տասը տարիները, վստահաբար կրնանք հաստատել, որ «Յառաջ Հայաստան» եւ «Ապահով Հայաստան» լոզունգներով առաջնորդուած իր երկու շրջաններու ընթացքին Հայաստան թէ՛ նահանջեց եւ թէ՛ անապահով դարձաւ: 2009-ին, երբ «Փրոթոքոլներու» գծով Սերժ Սարգսեան կազմակերպեց իր Լոս Անջելըս այցը ու դիմաւորուեցաւ «դաւաճան», «հեռացիր», «հրաժարիր» եւ այլ պաստառներով, խնդրին խորքը բացայայտելու եւ լուծման ճամբան ցոյց տալու նպատակաւ մեր բարձրացուցած ցուցանակը՝ «Ժողովրդավարութիւն, ոչ թէ աւատապետութիւն», դժբախտաբար խեղդուեցաւ աղմուկին մէջ:

Ի՞նչու համար մեզ նման համեստ վերլուծաբան մը կարողացաւ տեսնել այն, որուն ընդունակ չեղան տասնամեակներու եւ նոյնիսկ աւելի քան հարիւրամեայ փորձով յոխորտացողներ: Պատասխանը շատ պարզ է: Որովհետեւ մեր մէջ կը խօսէր ազգասէրը եւ ոչ թէ անձնասէրը: Որովհետեւ մեր մէջ կը խօսէր անշահախնդիրը եւ ոչ թէ շահամոլը: Որովհետեւ մեր մէջ կը խօսէր ազգային գերագոյն շահերու պաշտպանը եւ ոչ թէ իր նեղ հատուածական շահը հետապնդողը: Որովհետեւ մեր մէջ կը խօսէր պատմութեան դասը ընկալող պատասխանատու մարդը եւ ոչ թէ պատեհապաշտը: 484 թուին կնքուած Նուարսակի դաշնագրի կէտերէն մին՝ չվարձատրելու օտարին գործիք ծառայողը, այլ՝ արժանաւորը հասցնել պաշտօնի, ընկալումն էր իրենց հատուածական շահերը հետապնդող պարսկասէր եւ յունասէր հայ նախարարներու կռիւներու աւերին, որ յանգեցաւ Արշակունեաց թագաւորութեան, իմա՝ մեր պետականութեան անկման: Դէպի ո՞ւր կ’երթանք այս ընթացքով:

Մեր վերեւ նշուած 1976-ի յօդուածին գրաքննուած բաժնին մէջ, անդրադառնալով մտաւորականութեան կարեւոր դերակատարութեան,  կը գրէինք, որ ան «կը ձեւավորէ ու կը զարգացնէ ազգային անկախութեան հարցը ու ժողովուրդը կը մղէ պայքարի, անոր իրականացման համար: Ու անկախութիւնը, իրաւունքին նման, կը խլուի, չի տրուիր: Ան կը կերտուի հազարաւոր քաղաքացիներու արեան գնով: Անկախութեան պայքարը անհրաժեշտութիւն մըն է, որպէս զի ժողովուրդին մէջ գոյութիւն առնէ ու զարգանայ հայրենիքի հանդէպ սէրն ու նուիրումը, որպէս զի մէջտեղ գայ դատ մը, որուն իրագործման համար ժողովուրդին բոլոր անդամները պայքարին ու զոհուին, որպէս զի ժողովուրդը մէկ հոգի ու մարմին դառնայ: Երրորդ աշխարհի երկիրներուն համար անհրաժեշտ է այս հանգրուանէն անցնիլ, որպէս զի կարողութիւնը ունենան ապագայի մարտահրաւէրները դիմակալելու:»

1998-ին, Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան Ա. Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, իր «Պատերա՞զմ թէ Խաղաղութիւն. Լրջանալու Պահը» յօդուածով դիմեց ժողովուրդին եւ մանաւանդ՝ մտաւորականութեան, սկսելու համատարած քննարկում մը, թէ ի՞նչ ուղիներով կրնանք ամրակայել մեր նորանկախ պետականութիւնը: Դժբախտաբար ազգովին թերացանք ընդառաջելու այդ մարտահրաւէրին: Ու Ժպրան Խալիլ Ժպրանի բնութագրութեամբ, մեզի տիրեցին աղուեսներ ու ձեռնածուներ, որոնք կարկտնելով եւ միմոսելով երկիրը հասցուցին այսօրուան իրավիճակին: Վերջապէս, միայն քանի մը ամիսներէ ի վեր եւ յատկապէս Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի եւ Յուլիսեան յուսահատական արարքէն ետք Հայաստանէն թէ սփիւռքէն հրապարակ եկան նորաստեղծ խմբաւորումներ, որոնք սկսան հնչեցնել համայնական կոչեր, մեր դիմագրաւած վտանգաւոր իրավիճակին կապակցութեամբ: «Արդարութիւն Հայաստանի Մէջ», «Համաշխարհային Հայերու Ապագան Այսօր է», անհատական թէ խմբային «բաց նամակ»ներ, քանի մը օրինակներ են այդ կոչերէն: Արագ ակնարկ մը այս կոչերուն վրայ բաւարար է տեսնելու, որ իրավիճակի լրջութեան գիտակցութիւնը համատարած է եւ որ անհրաժեշտ կը դարձնէ լուծման գծով գործնական քայլերու նախաձեռնումը: Յստակ կը դառնայ նաեւ, որ կ’առաջարկուին գլխաւոր երկու ուղղութիւններ: Մին՝ երկարաժամկէտ, համագործակցութեամբ ներկայի իշխանական համակարգին, իսկ միւսը՝ անմիջական, համընդհանուր քաղաքացիական շարժումով: Առաջին ուղղութեան ջատագովը «Համաշխարհային Հայեր»ն են, իսկ երկրորդինը՝ «Արդարութիւն Հայաստանի Մէջ»ինները: Առաջինը վերնախաւի մարդիկ են, ընդհանրապէս գործարարներ, իսկ երկրորդը՝ ժողովրդային, ընդհանրապէս արուեստագէտներ: Առաջինը կոչ կ’ուղղէ ստեղծելու «համագործակցութեան եւ համախմբման աննախադէպ ոգի», առանց յայտնելու թէ ի՞նչպէս, իսկ երկրորդը կը թուարկէ Հայաստանի ժխտական երեւոյթները եւ քաղաքացիական շարժմամբ զանոնք դրականով փոխարինելու անհրաժեշտութիւնը:

Գիտակցելով հանդերձ, որ կազմաւորման գործընթացի մէջ եղող համաշխարհային նոր համակարգը կ’ընթանայ ի նպաստ վերնախաւի շահերուն, չենք կրնար չնկատել, որ այն կրնայ յանգիլ բեւեռացման եւ հուսկ՝ յեղափոխութեան, երբ կ’անտեսուին ժողովրդային լայն խաւերը: Ի վերջոյ, ժողովուրդն է յենարանը վերնախաւէն գալիք որեւէ նախաձեռնութեան մը յաջողութեան կամ ձախողութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան 25 տարիներու փորձը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ յաջողութեան հասած ենք միայն այն պարագաներուն, երբ ապահոված ենք ժողովրդի լայն խաւերուն վստահութիւնն ու թիկունքը եւ նահանջած՝ երբ վերնախաւը հետամուտ եղած է միայն իր շահերուն, խոցելի դարձնելով մեր ազգն ու պետականութիւնը: Հետեւաբար՝ «համագործակցութեան եւ համախմբման աննախադէպ ոգի»ի ստեղծումը ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած է, եթէ չառնուին անհրաժեշտ նախաքայլերը ներկայ սնանկացած իշխանութիւնները փոխարինելու ժողովուրդի վստահութիւնը վայելողներով: Այդ կարելի կը դառնայ, երբ երկրին մէջ կը հաստատուի օրէնքի գերակայութիւն, հուսկ՝ ժողովրդավարութիւն եւ արժանիներու բարձրացումը պաշտօններու: Այլընտրանքը նորանոր Ապրիլեան պարտութիւններ եւ Յուլիսեան յուսահատական արարքներ պիտի ըլլայ: Այլընտրանքը մահացու պիտի ըլլայ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment