Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան “Syria LifeLine” Ծրագիրը կը Հովանաւորէ 113 Սուրիահայերու Տեղափոխումը Դէպի Հայրենիք

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան “Syria LifeLine” Ծրագիրը կը Հովանաւորէ 113 Սուրիահայերու Տեղափոխումը Դէպի Հայրենիք

by MassisPost

2015-ի աշնան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ), Սուրիահայերու Օգնութեան իր ծրագրի ոլորտին, ստեղծեց Syria LifeLine ծրագիրը, օժանդակելու բոլոր անոնց, որոնք Սուրիոյ պատերազմին պատճառով, կամովին կը փափաքէին հաստատուիլ Հայրենիքի մէջ։ Այս ընտանիքները կարիքը ունէին նիւթական օգնութեան իրականացնելու իրենց փափաքն ու երազը։ ԱՀԱԸ-ը օժանդակեց այս ընտանիքներուն նիւթապէս, ինչպէս նաեւ մատուցեց յատուկ կարգադրութիւններ անոնց ցամաքի ճամբով դէպի Լիբանան ուղեւորութեան եւ ապա ապահովելով դէպի Մայր Հայրենիք չուերթը։ Մինչեւ օրս, ԱՀԱԸ-ի սոյն ծրագրին միջոցով 113 Սուրիահայեր արդէն հասած են Երեւանի Զուարթնոց Օդակայանը, ուր շատեր դիմաւորուած են ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի պաշտօնեաներուն  կողմէ եւ առաջնորդուած ժամանակաւոր բնակարաններ կամ հանրակացարաններ։

ԱՀԱԸ-ի Սուրիահայերու Օգնութեան ջանքերը ուղղուած են՝

  • Օժանդակութիւն բոլոր անոնց որոնք կառչած կը մնան Սուրիական հայրենիքին
  • Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու հետ համատեղ՝ տուեալ համայնքներու մէջ նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնել բոլոր անոնց՝ որոնք ապաստան գտած են Սուրիոյ սահմաններէն դուրս այլ երկիրներու մէջ՝ ինչպէս Լիբանան եւ Գանատա
  • Օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք անապահով պայմաններու բերումով կը ձգեն Սուրիան եւ կը փափաքին հաստատուիլ Հայրենիքի մէջ
  • Օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք ապաստան գտած են Հայրենիքի մէջ

ԱՀԱԸ-ի Բարեսիրական Ծրագիրը Սուրիոյ մէջ կ՚ապահովէ

  • Սնունդ, ջուր, ջեռուցում եւ այլ հիմնական կարիքներ
  • Բժշկական ծառայութիւն
  • Կրթաթոշակներ
  • Վերաբնակեցում Հայաստանի մէջ

ԱՀԱԸ-ի Բարեսիրական Ծրագիրը Հայաստանի մէջ կ՚ապահովէ

  • Ժամանակաւոր բնակարաններ եւ տան վարձք
  • Բժշկական եւ ատամնաբուժական ծառայութիւն
  • Խորհրդատուութիւն
  • Մանուկներու յատուկ սնունդ
  • Այլեւայլ կարիքներ
  • ձեռնարկատիրութեան դասընթացքներ եւ աշխատանքի տեղաւորման աջակցութիւն

syrian-armenian-family-arrive-at-zvartnots-airportՀամակարգելու համար Սուրիահայութեան ուղղուած իր բարեսիրական ծրագիրները  Հայաստանի մէջ, ԱՀԱԸ-ը կը համագործակցի Սփիւռքի Նախարարութեան, թաղապետարաններու, Սիրիահայերի Հիմնախնդիրները Համակարգող Կեդրոնի եւ ՀԱԼԷՊ Հայրենակցական Բարեսիրական Միութեան հետ։

Ցայսօր՝ ԱՀԱԸ-ը տրամադրած է աւելի քան երկու միլիոն տոլար Սուրիահայերու Օգնութեան իր ծրագիրներուն։ Հակառակ Հալէպի ազատագրման եւ տեղացող մահաբեր ռումբերու անմիջական վտանգի խափանման, Սուրիահայ գաղութը մեր սիրոյ եւ հոգածութեան կարիքը ունի դիմանալու երկրի մէջ տիրող տնտեսական սուր տագնապին եւ պատրաստուելու վերանորոգման աշխատանքներու մեկնարկին։   Օժանդակութեան կարիքը ունին նաեւ բոլոր անոնք,  որոնք տեղափոխուած են Հայաստան, ուր կը պայքարին վերահաստատելու իրենց կեանքը Հայրենիքի մէջ։ Մեր բոլորին նիւթական աջակցութիւնը, հոգ չէ թէ մեծ կամ փոքր, մեծապէս պիտի նպաստէ բոլոր անոնց, որոնք տակաւին կարիքը ունին մեր աջակցութեան՝  ընտանիքներ եւ անհատներ՝ որոնք խիզախօրէն դիմագրաւած են տագնապը եւ տակաւին կը շարունակեն տառապիլ՝  քաղաքական անկայունութիւններու պատճառով։ Վերջապէս, մեր եղբայրները եւ քոյրերը կարիքը ունին նաեւ մեր ամէնօրեայ աղօթքներուն։ Առատաձեռնօրէն շարունակենք նպաստել Սուրիահայ Մայր Գաղութի զաւակներուն՝ կանգուն պահելու համար Եղեռնէն յարութիւն առնող մեր ժողովուրդի առաջին ապաստանարանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment