Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկական Զինուժը Պատժիչ Գործողութիւններ Իրականացուցած է` Հակառակորդը Ունի 4 Զոհ

Հայկական Զինուժը Պատժիչ Գործողութիւններ Իրականացուցած է` Հակառակորդը Ունի 4 Զոհ

by MassisPost

«Հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտում, ինչպէս նաեւ ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գծում այս գիշեր համեմատաբար հանգիստ է եղել»,- յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Նախարարի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ այս գիշեր հայկական զինուժը պատժիչ գործողութիւններ իրականացուցած է՝ ի պատասխան երէկ ատրպէյճանցիներու իրականացուցած սադրանքին։ Հակառակորդը, Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան փոխանցմամբ, առնուազն 4 զոհ ունի:

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ կանուխ առաւօտեան Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն դէպի հարաւ-արեւելք ինկած պետական սահմանի հատուածին ատրպէյճանական զօրքերը վերջին մէկ տարուան ընթացքին առաջին անգամ ձեռնարկած էին խափանարարական ներթափանցման փորձ: Հայկական կողմէն երեք զինծառայող զոհուած էր։

Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ անցեալ երկու օրերու ընթացքին ատրպէյճանական կողմը առնուազն տասը զոհ ունեցած է։ Ատրպէյճանը, սակայն, տակաւին կը խօսի  մէկ զոհի մասին։

Այսօր Հայաստանի քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած է, որուն մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է․ «Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմից ագրեսիւ պատերազմ սանձազերծելու դէպքի առթիւ Հայաստանի քննչական կոմիտէի վարոյթում քննուող քրէական գործի շրջանակներում ձեռնարկուում են ակտիւ քննչական գործողութիւններ՝ ատրպէյճանական զինուած ուժերի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներխուժելու եւ ռազմական գործողութիւններ ծաւալելու, ՀՀ ՊՆ թիւ N զօրամասի պահպանութեանը յանձնուած «N» մարտական յենակէտի անձնակազմի նկատմամբ յարձակում գործելու դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ։ Դէպքի վայրի զննութեամբ ՀՀ ԶՈւ մարտական յենակէտերից մէկի մօտ յայտնաբերուել է ատրպէյճանական ԶՈւ համազգեստով դիակ, որի ինքնութիւնը պարզուում է»։

Ատրպէյճանի իշխանութիւններն արդէն դիմած են Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին՝ խնդրելով աջակցիլ ետ վերադարձնելու ատրպէյճանցի զինծառայող Չինկիզ Սալման օղլու Ղուրբանովի դին։ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի երեւանեան գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Զառա Ամատունի փոխանցեց․ «Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն գտնուում է երկխօսութեան մէջ հակամարտութեան կողմերի հետ եւ պատրաստ է պայմանաւորուածութիւնների դէպքում գործել որպէս անկախ, անկողմնակալ միջնորդ եւ կատարել իր աշխատանքը կապուած էս հարցի հետ»:

Արծրուն Յովհաննիսեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանը միշտ նման վարքագիծ դրսեւորած է եւ անցեալ 5 տարիներու ընթացքին մի քանի անգամ նաեւ յարձակում գործած է Հայաստանի սահմանի վրայ:

Ատրպէյճանական մարտական դիրքը Չինարի գիւղէն ընդամէնը երկու քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ «Գիւղը խուճապի չի մատնուում: Բնականոն կեանքով ապրում ա ու ապրելու ա միշտ էլ: Լինելու ենք միշտ զինուորականների մօտ»,- ըսաւ Չինարիի գիւղապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment