Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ժառանգութիւն»ը Հանդէս Եկած է Իշխանափոխութեան Մանիֆեստի Առաջարկով

«Ժառանգութիւն»ը Հանդէս Եկած է Իշխանափոխութեան Մանիֆեստի Առաջարկով

by MassisPost

Ընդդիմադիր «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը այսօր հրապարակած է «իշխանափոխութեան մանիֆեստի առաջարկ»: Կուսակցութիւնը նշած է, որ ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՀԿ-ի կողմից ղեկավարուող ապօրինի իշխանութիւնից Հայաստանն ազատելու նպատակով ընդդիմադիր ուժերի որեւէ դաշինքի հասնելու համար» անհրաժեշտ է քննարկել եւ համաձայնութեան գալ մօտ 9 դրոյթներու շուրջ, այդ կարգին՝ ընտրութիւններէն յետոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ձեւաւորումը, նոր սահմանադրութեան, ընտրական եւ կուսակցութիւններու մասին նոր օրէնքներու ընդունումը, ժողովրդավարական համակարգային բարեփոխումներու իրականացումը:

Մանիֆեստին մէջ ներքին քաղաքականութեան ոլորտը քննարկման դրուած դրոյթներէն է նաեւ «քաղբանտարկեալների եւ խղճի բանտարկեալների» ազատ արձակումը, կառավարման տարբեր օղակներու մէջ քաղաքացիական հասարակութեան դերի բարձրացումը, հայրենադարձութեան եւ ներգաղթի քաղաքականութեան հռչակումը:

Արտաքին քաղաքական ոլորտի խնդիրներէն յիշատակուած է Արցախի հարցով առանց Արցախի Հանրապետութեան համաձայնութեան որեւէ զիջման բացառումը, բոլոր գերտէրութիւններու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու վերաձեւակերպումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment