Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թշնամիմ Ներթափանցման Փորձ Կատարած Է Տաւուշի Ուղղութեամբ Հայկական Կողմէն Կայ Երեք Զոհ

Թշնամիմ Ներթափանցման Փորձ Կատարած Է Տաւուշի Ուղղութեամբ Հայկական Կողմէն Կայ Երեք Զոհ

by MassisPost

Այսօր կանուխ առաւօտեան Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն դէպի հարաւ արեւելք ինկած պետական սահմանի հատուածին մէջ ատրպէյճանական զօրքերը վերջին մէկ տարուան ընթացքին առաջին անգամ ձեռնարկած են խափանարարական ներթափանցման փորձ: Հայկական կողմը ունի 3 զոհ, հաղորդած է Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը:

Պետական սահմանին դիպուկահարներու եւ նռնականետերու կիրառմամբ մարտերը շարունակուած են մինչեւ կէսօր։ Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի պետական սահմանի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերու ընթացքին զոհուած են աւագ տեղակալ Շաւարշ Մելիքսեթի շարքայիններ Էտկար Գրիգորի Նարայեան եւ Էրիք Կարիկի Աբովեան:

Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդմամբ, խափանարարական ներթափանցման փորձ կատարած ատրպէյճանական զինուժը առնուազն 7 զինծառայող կորսնցուցած է, դիակներէն մէկը կը գտնուի հայկական դիրքերուն մէջ։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, մինչդեռ, հաղորդած է մէկ զոհի մասին: Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, հայկական կողմը վիրաւորներ չունի։ Նախարարի խօսնակը նաեւ հերքած է տեղեկութիւնները, թէ մարտի ընթացքին հայկական կողմը դիրքային կորուստ ունեցած է։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ԱՊԱ-ի փոխանցմամբ, այսօր նաեւ յայտարարած է, թէ «հայկական զինուած ուժերու հետախուզական խումբը» փորձած է խախտել Ատրպէյճանի սահմանը, յայտնուած է ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դարանին մէջ եւ «ստիպուած եղած է կենդանի ուժի մեծաթիւ կորուստներ կրելով նահանջել»:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ յայտարարած է ատրպէյճանական կողմէն սահմանի խախտման անհերքելի ապացոյցներու մասին եւ պնդած՝ «Տեղի ունեցած սադրանքի ողջ պատասխանատուութիւնը կրում է Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»:

Անցեալ գիշեր, ԼՂ Պաշտպանութեան բանակի փոխանցմամբ, շփման գիծի տարբեր ուղղութիւններով հակառակորդը հրադադարի պահպանման համակարգը խախտած է շուրջ 40 անգամ, որուն ընթացքին հրաձգային զէնքերէն արձակած է աւելի քան 750 կրակոց: Առաւել լարուած խախտումներ արձանագրուած են շփման գօտիի արեւելեան ուղղութեամբ: ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները պատասխան գործողութիւններու չեն դիմած:

ԼՂ նախագահի խօսնակ Դաւիթ Պապայեան տեղեկացուց, որ պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած: Ըստ անոր. «Միշտ նրանք այս տօնական օրերին իւրայատուկ ձեւով են «շնորհաւորում»: Դա սպասելի էր: Եւ չի բացառուում, որ նման քայլը լինի էսպէս՝ շեղելու մի գործընթաց, որ այստեղ եւս պրուակացիա անեն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment