Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Դարձեալ Չստանձնեց ՀԱՊԿ-ի Քարտուղարութիւնը

Հայաստան Դարձեալ Չստանձնեց ՀԱՊԿ-ի Քարտուղարութիւնը

by MassisPost

Սան-Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութեան` ՀԱՊԿ գագաթի ժողովի ընթացքին  եւս Հայաստանի ներկայացուցիչը  չհաստատուեցաւ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին վրայ:

Ռազմաքաղաքական դաշինքի գլխաւոր քարտուղարի փոփոխութեան հարցը պիտի քննարկուի յաջորդ տարուան Ապրիլին` կազմակերպութեան յաջորդ գագաթնաժողովին, տեղեկացուց  ՀԱՊԿ գործող գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Բորթիւժա, քանի որ կազմակերպութեան անդամ երկիրներէն մէկուն պատուիրակութիւնը ներկայ չէր:

Հայաստան  չստանձնեց ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը նաեւ երկու ամիս առաջ Երեւանեան գագաթնաժողովի ժամանակ, երբ առողջական խնդիրներ ունենալու պատճառաբանութեամբ չէր մասնակցած Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ:

Մէկ տարի առաջ քարտուղարութեան ղեկավարումը  հերթականութեան կարգով պէտք է փոխանցուէր Հայաստանի ներկայացուցիչին, սակայն որոշում կայացաւ հարցը մէկ տարով յետաձգել:

Քաղաքագէտ  Ստեփան Գրիգորեանի կարծիքով, Ատրպէյճանի հետ սերտ ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններու մէջ գտնուող Պելառուս ղեկավարի բացակայութիւնը կրնայ կապ ունենալ Հայաստանի ներկայացուցիչի ընտրութեան հետ. «Ստացուում է, որ Ատրպէյճանը, չլինելով ՀԱՊԿ-ի անդամ, ունի ՀԱՊԿ-ում աւելի մեծ ազդեցութիւն, քան Հայաստանը»,- ըսաւ քաղաքագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment