Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Թուրքիոյ Հայութիւնը Կ’ապրի Վախի Մթնոլորտի Մէջ»,- Սայաթ Թէքիր

«Թուրքիոյ Հայութիւնը Կ’ապրի Վախի Մթնոլորտի Մէջ»,- Սայաթ Թէքիր

by MassisPost

Դեկտեմբեր 27-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Թուրքիոյ ներքաղաքական զարգացումները եւ ազդեցութիւնը տարածաշրջանի եւ Հայաստանի վրայ» թեմայով քննարկման ընթացքին «Նոր զարթօնք» շարժման համահիմնադիր, փորձագէտ Սայաթ Թէքիր, որ Իսթանպուլէն քննարկման միացած էր տեսազանգի միջոցով, ըսաւ, որ զինուորական յեղաշրջման փորձէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը փոխուած է, Էրտողան կ’ուզէ է սուլթանութիւն ստեղծել:

«Հայերու դէմ ուղղակի ոչինչ չեն ըրած, բայց միշտ ըսած ենք, որ քիւրտերու դէմ անոնց սկսած «պայքարը» միայն թուրք-քրտական պայքար չէ, այլ թուրքերու եւ խաչակիրներու պայքարն է, որուն մասնակիցն են նաեւ կրօնափոխ հայերը: Ատելութեան խօսքեր միշտ հնչած են հայերու դէմ, եւ հիմա կը տեսնենք, որ գրեթէ միշտ հայկական եկեղեցիներու կամ դպրոցներու պատերուն ատելութեան խօսքեր գրուած են: Ուղղակի յարձակումներ չենք տեսնէր, բայց Թուրքիոյ հայութիւնը վախի մթնոլորտի մէջ կ’ապրի»,- ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը սկսած են արտագաղթել այնտեղէն:

Քննարկման միւս բանախօսը՝ Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերով հայկական հիմնարկի փորձագէտ Գէորգ Մելիքեանի խօսքով՝ Թուրքիա կ’անցնի շատ լուրջ փոփոխութիւններու մէջէն, եւ ըստ անոր՝ դեռ պարզ չէ, թէ դրակա՞ն, թէ՞ բացասական ազդեցութիւն կ’ունենան տարածաշրջանին վրայ:

«Ռուսաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ ձեւաւորուում է որոշակի համագործակցութիւն, որը չի կարող ազդեցութիւն չունենալ այս տարածաշրջանի վրայ»,- ըսաւ ան՝ նկատելով, որ Թուրքիա խնդիրներ ունի Արեւմուտքի հետ եւ   կը  խուսանաւէ  է ՌԴ-ի ու Արեւմուտքի միջեւ:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա, ըստ անոր՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի, Իրանի միջեւ տեղի ունեցող գործընթացներուն մէջ տակաւին յստակացուած չէ Հայաստանի դերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment