Home ԱՅԼԱԶԱՆ Արցախի Նոր Կարմիրաւան Գիւղին մէջ Հնագէտները Մարդակերպ Կոթողներ, Սափոր եւ Ուլունքներ Յայտնաբերած են

Արցախի Նոր Կարմիրաւան Գիւղին մէջ Հնագէտները Մարդակերպ Կոթողներ, Սափոր եւ Ուլունքներ Յայտնաբերած են

by MassisPost

Արցախի Մարտակերտի շրջանի Նոր Կարմիրաւան գիւղի տարածքին՝ Հոկտեմբերին սկսած պեղումները արձանագրած են հետաքրքրական փաստեր: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-­ի գիտական գծով փոխտնօրէն Նժդեհ Երանեան յայտնած է, թէ ուսումնասիրութիւնները իրականացած են երկու հիմնական պեղավայրի մէջ` կոթողներու շրջակայքը եւ անոնցմէ քիչ մը դէպի հիւսիս, 2000­-ական թուականներուն կառուցուած ջրանցքին մօտ: «Արտաքին նիւթի հետախուզական աշխատանքներու ժամանակ՝ ջրանցքի յատակին պատահաբար յայտնաբերուեցաւ սափոր: Յայտնաբերուեցան նաեւ 18 տարբեր անօթներ, որոնք կը թուագրուին Ք.Ա. 9­7-­րդ դարերով, եւ շարք մը ուլունքներ»,­ ըսած է ան:

Հնագէտը նշած է, որ պեղավայրին մէջ կատարած աշխատանքները թոյլ կու տան եզրակացնելու, որ այս տարածքը բնակեցուած եղած է Ք.Ա. 1-­ին հազարամեակի սկիզբէն: Ուստի անհրաժեշտ են առաւել լայնածաւալ պեղումներ, որոնք թոյլ պիտի տան վերականգնելու այդ շրջանի պատմութիւնը եւ մշակոյթը:

Նժդեհ Երանեան արժեւորած է նաեւ Նոր Կարմիրաւան գիւղի տարածքին տեղի բնակիչներէն մէկուն կողմէ նկատուած մարդակերպ կոթողները: Ապա սկսած են կոթողներու տարածքի հետախուզական պեղումները: «Պեղումները, որոնք տեւած են շուրջ երկու շաբաթ, կը կրէին հետախուզական բնոյթ, որուն նպատակն էր ճշդել արդեօք կոթողները կը գտնուին իրենց կանգնեցման նախնական վայրը: Իբրեւ արդիւնք կրնանք վաւերացնել, որ կոթողները՝ ամենայն հաւանականութեամբ՝ կը գտնուին իրենց միջավայրին մէջ: Սակայն, վերջնական եզրակացութիւն ընելու համար, հարկաւոր է յետագային շարունակել հնագիտական աշխատանքները»,- ըսած է Երանեան:

Անոր խօսքով` կոթողներու գիտական հետազօտութիւնը մաս կը կազմէ Արցախի Տիգրանակերտի եւ շրջակայքի ուսումնասիրութեան: Արցախի մէջ ներկայիս յայտնի է շուրջ երեք տասնեակ նմանատիպ մարդակերպ կոթող: Վերջինները, սակայն, կը գտնուին տեղաշարժած վիճակի մէջ: Ուստի, Նոր Կարմիրաւանի մարդակերպ կոթողներուն հետազօտութիւնը, անոնց հնագիտական միջավայրին վաւերացումը պիտի պատասխանէ այս կոթողներուն վերաբերեալ շարք մը կարեւոր հարցերու: «Կոթողներու ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է ինչպէս Արցախի եւ Ուտիքի, այնպէս եւ Կովկասի ու ողջ Առաջաւոր Ասիոյ Ք.Ա. 1-­ին հազարամեակի պատմութեան եւ մշակոյթին համար: Հետեւաբար, անոնց ուսումնասիրութիւնը եւ ներկայացումը Արցախի վրայ պիտի գրաւէ տարածաշրջանով հետաքրքրուող այլ մասնագէտներու եւ լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը եւս»,- ընդգծած է «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-­ի գիտական գծով փոխտնօրէնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment