Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրիահայերը Պատրաստ չէն Հայաստանէն Տեղափոխուիլ Հալէպ

Սուրիահայերը Պատրաստ չէն Հայաստանէն Տեղափոխուիլ Հալէպ

by MassisPost

Հալէպի իրավիճակի կայունացման զուգահեռ Հայաստան բնակող սուրիահայերու մօտ տրամադրուածութիւն կայ երթալ Սուրիա եւ տեսնել, թէ ինչ կատարուած է այնտեղ: Բայց անոնք այս փուլին ցանկութիւն չունին ընտանիքով տեղափոխուիլ Սուրիա: Այս մասին ըսաւ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ սուրիահայերու հարցով ստեղծուած յանձնաժողովի նախագահ Ֆիրտուս Զաքարեան:

«Հալէպը պէտք է վերականգնուի, բայց արդեօք ամէն ինչ աւարտուած է, թէ՞ սա ժամանակաւոր է: Այսինքն՝ ամէն ինչ պէտք է նայել ժամանակի մէջ, բայց իրենք ասում են՝ գնանք եւ տեսնենք, թէ մեր ունեցուածքն ինչ վիճակում է» ,- ըսաւ Ֆիրտուս Զաքարեան:

Անոր խօսքով՝ սուրիահայերու մօտ կայ նաեւ այնպիսի տրամադրուածութիւն, որ պէտք է մնան այստեղ, քանի որ երեխաները արդէն 4-5 տարի է այստեղ են, համալրուած են, արդէն գրեթէ արեւմտահայերէն չեն խօսիր:

Պաշտօնեայի տեղեկացմամբ՝ այսօր ալ սուրիահայերու հոսքը Հայաստան կը շարունակուի: Ամէն Ուրբաթ Պէյրութ-Երեւան չուերթով Հայաստան կու գան սուրիահայ ընտանիքներ, օրինակ, նախորդ Ուրբաթ եկած է 13, այսօր՝ 7 մարդ:

Ֆիրտուս Զաքարեանի տեղեկացմամբ՝ այսօր Հայաստան բնակող սուրիահայերու թիւը աւելի քան 20 հազար է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment