Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճը

Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճը

by MassisPost

barkevtavitianՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճը (Haigazian College) հիմնուած՝ Հոկտեմբեր 1955-ին, ապա  ար­ժանապէս կոչուած Haigazian University College (1992-1996), եւ Դեկտեմբեր 1996 թուակա­նէն սկսեալ ճանչցուած որպէս Haigazian University Լիբանանի պետութեան կողմէ, եղած է ու կը մնայ սփիւռքահայ կեանքի ամէնէն բարձր ուսումնարանը եւ բոլորիս հպարտութիւն պատ­ճառող հայկական համալսարանը։

Ամերիկահայ աւետարանական համայնքի եւ մասնաւորաբար երկու հաճընցիներու՝ Ստե­փան Մեխակեանի ու Ստեփան Փիլիպպոսեանի անձնական ջանքերով եւ անոնց կողմէ եղած նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ, Պէյրութի մէջ հայ ուսուցիչ պատրաստելու վեհագոյն նպատակով ստեղծուած Հայկազեան Գոլէճը (կոչուած ի պատիւ Եղեռնի զոհ Տոքթ. Արմենակ Հայ­կազեանի՝ տնօրէնը Գոնիայի Ճենանեան ճեմարանի եւ ուսուցիչը Ստեփան Մե­խակեանի եւ հայրը անոր կնոջ՝ Մարիի), եղած է նաեւ կնոջս՝ Սօսիիս ու իմ ծանօթավայրը, երբ երկուքս ալ,  ինք գալով Երուսաղէմէն եւ ես ալ Թրիփոլիէն, հոն հանդիպեցանք 1966 թուա­կանին։ Շատ մը մը հայորդիներ այդ գոլէճին մէջ հանդիպելով կամ ուսանելով եւ ազգա­յին շունչով հոն տոգորուելով՝ դարձան աշխարհատարած ներկայութիւն ունեցող մասնագէտ­ներ, ուսուցիչներ եւ ազգային գործիչներ։

Վերջերս մեծ հաճոյքով կարդացի Տոքթ. Ճան Մարգարեանի անգլերէնով գրուած գիրքը, որ կը կոչուի “The Thirsty Enemy, A Memoir”, որ ինծի տրուեցաւ յարգելի բարեկամ եւ վաստա­կաշատ, կարող Վերապատուելի Եսայի Սարմազեանի կողմէ։ Տոքթոր Մարգարեան եղած է առաջին տնօրէնը Հայկազեանի եւ հոն պաշտօնավարած է ամբողջ 22 տարի (1955-1966 եւ 1971-1982)։ Գիրքը կարդալէս ետք, յոյժ կարեւոր նկատեցի հայ ընթերցողին փոխանցելու կարգ մը հետաքրքրական կէտեր, որ վստահ եմ շատեր չեն գիտեր նախկին Հայկազեան Գոլէճի եւ այժմ համալսարանի մասին։

1.- Հայկազեան Գոլէճը անցեալ դարու վաթսունական թուականներուն, Մանուկ Մանուկ­եան ուսուցիչին առաջնորդութեամբ, հռչակաւոր դարձած է որպէս հրթիռներ արձակելու կա­րո­ղութեամբ օժտուած աշակերտներու գոլէճ, միակն ու առաջինը ամբողջ Միջին Արեւելքի տա­րածքին։

2.- Հայկազեան Գոլէճը, որ 1955 թուականին ունէր միայն 43 աշակերտ, այժմ ունի մօտա­ւորապէս հազար հոգի հաշուող աշակերտութիւն, որոնք կու գան աշխարհի 20 տարբեր եր­կիրներէ։ Այժմ այդ համալսարանէն կը վկայուին արուեստի եւ գիտութեան չորս մարզերու մէջ, Bachelor of Arts եւ Bachelor of Sciences, ինչպէս նաեւ MBA աստիճանի վկայակականներով աշակերտներ։

3.- 1982 թուականին, Իսրայէլի կողմէ կատարուած Պէյրութի պաշարման շրջանին, Հայ­կազեանը, ըստ London Sunday Times հռչակաւոր շաբաթաթերթի թղթակիցին, եղած է յարա­տե­ւումը կարելի դարձնող (survival possible) կեդրոնը այդ քաղաքի կէս միլիոն մարդոց, երբ Հայկազեան Գոլէճի վարչակազմն ու աշակերտութիւնը դարձած են ամէնէն մեծ սննդա­մթեր­քի եւ այլազան կարեւոր պէտքերու բաշխումի կեդրոնները վարող անձնակազմը արեւմտեան Պէյրութի մէջ, 180 մթերանոցներէ հայթայթելով սնունդ 3000 ընտանիքի եւ ամբողջ քսան հա­զար հաշուող գաղթականներու։

4.- Լիբանանի ներկայ վարչապետ Թամմամ Սալամ եղած է Հայկազեան Գոլէճի աշա­կերտ՝ նախկին դարու վաթսունական թուականներու կէսերուն։ Ան եղած է քաղաքական տար­բեր հոսանքներ ներկայացնող աշակերտներու տեսակ մը աշխատանոց եւ գործատեղի, հայ թէ ոչ-հայ, շարունակ իրարու հետ լեզու գտնելով եւ գոյակցելով, գոլէճի լայնախոհ ու հա­մապարփակ շունչին տակ։

5.- Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (Armenian Missionary Association of America, որ կը ճանչցուի AMAA սկզբնատառերով) գործադիր տնօրէնը՝ Միհրան Ճան­պազ­եանը (1987-2000) եղած է շրջանաւարտ Հայկազեան Գոլէճէն։ Անձնապէս լաւ ճանչցած ըլ­լա­լով զինք այդ Գոլէճին մէջ, կրնամ վկայել անոր հայաշունչ գործին եւ վաստակին աճումը այդ ազգային կրթարանէն ներս։

Ունեցած եմ ընկերներ ու ճանչցած եմ անձեր, որոնք դարձած են նախկին ու ներկայ վկայ­եալ հայորդի «հայկազեանցիներ»։ Բոլորն ալ ունին ազգային առողջ ջիղ, պատրաստ՝ հա­յօրէն ապրելու եւ մտածելու, բան մը, որ վստահաբար կը ցանկային տեսնել իրենց մէջ աւե­տա­րանական գոյնով ու կերպարով ազգասէր եւ ուսումնասէր կոչուող Գոլէճի հիմնադիրնե­րը։

Այսօր, հեռուէն հետեւելով եւ կարդալով Հայկազեան Համալսարանի կատարած առա­ջա­տար գործունէութեան մասին Պէյրութի մէջ, անոր բարձրորակ դասախօսական շարքերով եւ ամէնուն հետ սիրալիր յարաբերութիւններ ունենալու իմաստուն քաղաքականութիւն վարող տնօրէնին՝ Տոքթ. Փօլ Հայտոսթեանի կարող գնացքով եւ աշխատանքով, ամէն հայ ակնա­ծան­քով կը խոնարհի յիշատակին եւ գործին առջեւ բոլոր անոնց, որոնք, անցեալին ու ներկայիս, սփիւռքահայ մարմնին մէջ դրին ու տակաւին կը դնեն շունչը այս տեսակի առողջ կեանք շնորհող իրականութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment