Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Մերտինեան Վարժարանի Նորակառոյց Պեզճեան Շէնքի Յուշատախտակներու Բացում

Մերտինեան Վարժարանի Նորակառոյց Պեզճեան Շէնքի Յուշատախտակներու Բացում

by MassisPost

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2016-ին, Շ եւ Է Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանը ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը կատարելու յուշատախտակներու պաշտօնական բացումը նորակառոյց Պեզճեան շէնքին, ինչպէս նաեւ գրադարանին, տարրալուծարանին, չորս դասարաններուն եւ մարզական բաժնի վարիչի գրասենեակին։ Հանդիսութեան բացման աղօթքը մատուց Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան։

Յուշատախտակներու բացման արարողութենէն ետք, հիւրերը ներկայ գտնուեցան Վարժարանի Հոգաբարձութեան կազմակերպած Սուրբ Ծննդեան աւանդական հաւաքոյթին, որ տեղի ունեցաւ Արամ եւ Անահիս Տ. Պուլղուրճեան սրահին մէջ։ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հովիւ՝ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի մատուցած սեղանի օրհնութեան աղօթքէն ետք մատակարարուեցաւ համեղ ճաշեր որու ընթացքին հրամցուեցաւ երաժշտական գեղեցիկ յայտագիր մը Նեկթարին Չիլեանի կատարողութեամբ՝ մեներգ եւ երաժշտութիւն քանոնի վրայ։ Ընթրիքի աւարտին Վեր. Վաչէ եւ Տիկին Լենա Էքմէքճեաններու առաջնորդութեամբ ներկաները խանդավառութեամբ երգեցին Սուրբ Ծննդեան յատուկ երգեր։

Մերտինեան Վարժարանի Պեզճեան շէնքի շինարարութիւնը կարելի եղաւ բարերարներ Ալպեր եւ Թերի Պեզճեաններու իշխանական նուիրատուութեամբ։ Գրադարանը անուանուեցաւ Տօքթ. Հրայր եւ Քէթի Աթիկեաններու յիշատակին։ Տօքթ. Աթիկեան երկար տարիներ ծառայած էր որպէս Վարժարանի Հոգաբարձական կազմի անդամ եւ ատենապետ։ TF Educational Foundation-ը հովանաւորեց տարրալուծարանը։ Տօքթ Միսակ եւ Հուռիկ Ապտուլեանները հովանաւորեցին դասարան մը ի յիշատակ իրենց քոյրերուն՝ Արաքսի եւ Մարի Ապտուլեաններու։ Մարի-Լուիզ, Ժիլպեր եւ Ռապըրթ Մենեշեանները հովանաւորեցին դասարան մը ի յիշատակ իրենց ծնողքին՝ Աւետիս եւ Նորա Մենեշեաններու։ Երկու այլ դասարաններ հովանաւորուեցաւ Տօքթ. Դանիէլ եւ Ժուլիէթ Ապտուլեաններու եւ Տօքթորներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեաննրեու կողմէ։ Իսկ մարզական բաժնի վարիչի գրասենեակը հովանաւորեցին Դոկտ. Վահէ եւ Սեդա Նալպանտեանները։

Մասնաւոր շնորհակալութիւն մեր բարերարներուն եւ հովանաւորներուն։ Մերտինեան դպրոցի այլ սենեակները հովանաւորել փափաքողներ կրնան կապ հաստատել Տօքթ. Իվան Շնորհօքեանի (412) 759-2020 կամ Դոկտ. Վահէ Նալպանտեանի (818) 507-9848 հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment