Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ձերբակալուած է Թուրքիոյ Խորհրդարանի Քիւրտ Փոխնախագահը

Ձերբակալուած է Թուրքիոյ Խորհրդարանի Քիւրտ Փոխնախագահը

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) Պոլսէն ընտրուած պատգամաւոր Փերուին Պուլտանը ձերբակալուած է: Այս մասին կը գրէ «Haberler.com» լրատուական կայքը, նշելով, թէ ձերբակալութեան մասին առաջինը յայտնած է Պուլտանը՝ հասարակական ցանցի վրայ կատարած «ձերբակալուեցանք» արձանագրութեամբ:

Քրտամէտ կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակը եւս տարածած է յայտարարութիւն` յայտնելով Պուլտանի ձերբակալութեան մասին: Կը նշուի, որ քրտական ծագում ունեցող փոխ խօսնակը ձերբակալուած է Պոլսոյ իր տան մէջ:

Յիշեցնէք, որ 4 Նոյեմբերին ձերբակալուած քրտամէտ կուսակցութեան անդամ 12 պատգամաւորներէն 9-ին, ներառեալ` կուսակցութեան համանախագահներ Սելահըտտին Տէմիրթաշի եւ Ֆիկէն Իւքսեքտաղի վերաբերեալ 9 Նոյեմբերին կայացուած էր կալանաւորման որոշում: 11 Նոյեմբերին ալ կալանաւորուած էր Հաքքարիէն ընտրուած պատգամաւոր Նիհաթ Աքտողանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment