Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Թրանսփարենսի Ինթըրնեշնլ Հայաստան» – Հակասութիւններ Կառավարութեան Կարգախօսներու եւ Փաստացի Գործունէութեան Միջեւ

«Թրանսփարենսի Ինթըրնեշնլ Հայաստան» – Հակասութիւններ Կառավարութեան Կարգախօսներու եւ Փաստացի Գործունէութեան Միջեւ

by MassisPost

«Թրանսփարենսի ինթըրնեշնլ Հայաստան» հակակաշառակերութեան կեդրոնը, մասնաւորապէս, հակասութիւններ տեսած է կառավարութեան հռչակած կարգախօսներու եւ փաստացի գործունէութեան միջեւ:

«Վարչապետն իր 100-օրեայ գործունէութեան ընթացքում օրակարգային չի դարձրել ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքների, ընտրութիւնների խնդիրները, մինչդեռ սրանք այն հիմնարար հարցերն են, առանց որոնց լուծման չի կարող արդիւնաւէտ գնահատուել որեւէ կառավարութեան գործունէութիւնը»,- նշած է «Թրանսփարենսի ինթըրնեշնլ Հայաստան» հակակաշառակերութեան կեդրոնը իր յայտարութեան մէջ:

«Ես կարծում եմ, հարիւր օրը արդիւնաւէտ էր, բայց, թերեւս ոչ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի համար, այլ աւելի շուտ այն մարդու համար, ով նրան նշանակեց վարչապետ: Արդիւնաւէտ էր այն իմաստով, որ Սերժ Սարգսեանին յաջողուեց բաւականին ծանր տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակում որոշակիօրէն պատասխանատուութեան սլաք փոխել ու նաեւ որոշակիօրէն լիցքաթափել իրավիճակը, կուտակուած այն ահագին ակրեսիւ էներկիան, որը յուլիսեան իրադարձութիւններից յետոյ առաջացել էր հասարակութեան մեջ», – հակակաշառակերութեան կեդրոնի կազմակերպած քննարկման այսօր ըսաւ քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեան:

Անդրադառնալով 100 օրերու ընթացքին վարչապետ Կարապետեանի իրականացուցած քայլերուն, փորձագէտները նշած են, որ գործադիրի նոր ոճը ճգնաժամային կառավարման համակարգ կը յիշեցնէ, երբ շտապ կրճատումներ կ’իրականացուին, պիւտճէն խնայելու ձեւեր կը  ներդրուին:

Միաժամանակ, հակակաշառակերութեան կեդրոնը նկատած է, որ նոյն կառավարութիւնը հաւանութիւն կու տայ երկրի նախագահի, վարչապետ եւ Ազգային ժողովի ղեկավարի գնումներու գաղտնիացման:

Ֆինանսներու փոխնախարար Ատոմ Ճանճուղազեան հակադարձեց, թէ երկրի առաջին երեք դէմքերու գնումներու գաղտնիացումը չի կրնար գնահատուիլ որպէս թափանցիկութեան նուազում:

«Թրանսփարենսի Հայաստանը» իր զեկոյցին մէջ ընդգծած է նաեւ 100 օրուան ընթացքին իրականացուած դրական քայլեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment