Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սեւան Նշանեան «Կը Պահուիմ Բանտային Սարսափելի Պայմաններու Մէջ

Սեւան Նշանեան «Կը Պահուիմ Բանտային Սարսափելի Պայմաններու Մէջ

by MassisPost

Օրեր առաջ իր լրումին հասաւ Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան երրորդ տարին: Սեւան Նշանեանի ծանօթներէն վերահասու դարձանք, որ խօսքի ազատութեան համար պայքարող Index on Censorship («Գրաքննութեան ցուցակ») կազմակերպութիւնը հարցազրոյց ունեցած է Թուրքիա բանտարկուած պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեանի հետ: Հետազօտող Ճոն Պաթլերը Նշանեանի հետ հարցազրոյցը վերնագրած է`«Թուրքիա՝ Լեզուաբանը բանտարկուած է խօսքի ազատութեան համար»:

Նշանեան պատմած է, որ կը պահուի բանտային սարսափելի պայմաններու մէջ: «Մեր բանտարկեալներու շուրջ երկու երրորդը վերջերս տեղափոխուած են այլ վայրեր, իսկ մնացեալը տարուած են խիտ բնակեցուած խուցեր, որպէսզի սենեակներ պատրաստուին երկրի ձախողած յեղաշրջման փորձէն յետոյ ձերբակալուած հազարաւոր մարդկանց համար»,- ըսած է պոլսահայ մտաւորականը:

իր կարգին Պաթլըր գրած  է, որ Նշանեանի հետապնդումները սկիզբ առած են 2012-ին, երբ ան իր պլոկին մէջ գրառում կատարած էր խօսքի ազատութեան մասին` խօսելով Մոհամմէտ մարգարէին քննադատելու իրաւունքի մասին: Այդ օրուան արդարադատութեան նախարարը ելոյթ ունենալով, յայտարարած է, որ մարգարէին վիրաւորելու ոչ մէկ փորձ անպատիժ պիտի մնայ: «Մտահոգ քաղաքացիներու» խումբերը Նշանեանի դէմ դատական գործեր յարուցած են Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր 81 նահանգներուն մէջ:

Հեղինակը փաստած է, որ անոնցմէ յետոյ Նշանեանի հետ կատարուածը աւելի դաժան եղած է: Գտնուելով բանտին մէջ` անոր դէմ ներկայացուած է  11 դատական հայց՝ Շիրինճէ գիւղին մէջ «ապօրինի» շինարարութիւն իրականացնելու համար: Այն այժմ մշակութային ժառանգութիւն կը համարուի եւ յայտնի զբօսաշրջային կեդրոն է:

«Այս բոլոր մեղադրանքներուն համար ան դատապարտուեցաւ 16 տարի եւ 7 ամիս ազատազրկման»,- գրած է Պաթլըր: Անոր կարծիքով Նշանեանի դէմ  կատարուածը քաղաքական հետապնդման արդիւնք է:

«Իսլամական զգայուն թեմաներու դէմ խօսելու համար ոչ իսլամին, հայուն բանտարկելը առաջին նմանօրինակ դէպքն է Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ»,- ըսած է Նշանեան: Չնայած ամէն ինչին` ան վստահ է, որ ժամանակը անիմաստ չէ վատնած: Նշանեան ներկայիս կ’աշխատի թրքերէնի ստուգաբանական բառարանի երրորդ հրատարակութեան  եւ տարբեր հատորներու վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment