Home Uncategorized Երկու Հայ Նախարարներ Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Կազմին Մէջ

Երկու Հայ Նախարարներ Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Կազմին Մէջ

by MassisPost

Լիբանանի երկար բանակցութիւններէն յետոյ վերջապէս կազմուած է նոր կառավարութիւնը: Նոր կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են երկու հայ նախարարներ` Ժան Օղասապեան (կանանց հարցերու պետական նախարար) եւ Աւետիս Կիտանեան (զբօսաշրջութեան նախարար): Այս մասին տեղեկացուցած է Լիբանանի «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը:

Կը ներկայացնենք յօդուածը ամբողջութեամբ:

«Երկար  բանակցութիւններէ եւ սակարկութիւններէ ետք  Լիբանան վերջապէս ունեցաւ իր նոր կառավարութիւնը: Ցուրտ  եղանակը եւ սառած  ճանապարհները չարգիլեցին  «վերջին քառորդ ժամուան» ընդյատակեայ բանակցութիւնները: Նախապէս կը խօսուէր  24 անդամներէ բաղկացած կառավարութեան մը մասին, սակայն վերջաւորութեան անոր թիւը  երեսունի  բարձրացաւ՝  քաղաքական բոլոր կողմերուն գոհացում տալու պատճառաբանութեամբ… Վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի՝ Կիրակի երեկոյեան, այցելեցին  նախագահական պալատ: Անոնք խորհրդակցութիւն մը  ունեցան  հանրապետութեան նախագահ Միշէլ  Աունի  հետ, անոր փոխանցելով երեսուն անդամներէ  բաղկացած  կառավարութեան անուանացանկը:
Պաապտայի պալատ մուտքին, Պըրրի, լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով, մաղթեց որ  յառաջիկայ  ժամերուն յայտարարուի կառավարութեան  ծնունդը: Այս  միջոցին կառավարութեան  քարտուղար Ֆուատ Ֆըլէյֆիլ  ժամանեց նախագահական պալատ, որպէսզի  կատարէ  կառավարութեան կազմին պաշտօնական յայտարարութեան նախապատրաստութիւնները: Աուն-Պըրրի-Հարիրի խորհրդակցութիւնը աւարտելէ անմիջապէս ետք, Պըրրի  մեկնեցաւ նախագահական պալատէն: Կարճ ժամանակ ետք, յայտարարուեցաւ նախագահ Միշէլ  Աունի  ժամանակաշրջանի առաջին կառավարութիւնը:

Նոր կառավարութեան  կարգ մը անդամներ  երկրէն դուրս գտնուելու պատճառով, Պաապտայի  պալատին առջեւ, հանրապետութեան նախագահին հետ  աւանդական  յիշատակի նկարի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ  Չորեքշաբթի  օր, որմէ ետք կառավարութիւնը պիտի  գումարէ  իր անդրանիկ նիստը,  Պաապտայի  պալատին մէջ: Կառավարութեան կազմը  յայտարարուելէ քանի մը  ժամ առաջ, Փաղանգաւոր  Կուսակցութեան պետ Սամի  Ճեմայէլ  յայտարարեց, թէ  իր  գլխաւորած  կուսակցութիւնը մերժած է մաս կազմել  նոր կառավարութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment