Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զեկոյց – «Հայաստանի Իշխող Վարչակազմի ու Ժողովուրդի Միջեւ Անդունդ կը Խորանայ»

Զեկոյց – «Հայաստանի Իշխող Վարչակազմի ու Ժողովուրդի Միջեւ Անդունդ կը Խորանայ»

by MassisPost
Փօլ Սթրոնսկի

Փօլ Սթրոնսկի

«Հայաստանը շրջադարձի վրայ է՝ տնտեսութեան վիճակը կը շարունակէ մնալ վատ, բնակչութիւնը սկսած է յոգնիլ քաղաքական գործիչներէն ու անոնց որոշումներէն, մինչ անվտանգութեան մակարդակը երթալով կը վատանայ, ինչը ակնառու դարձաւ Ապրիլին՝ Ատրպէյճանի հետ քառօրեայ պատերազմի ժամանակ»,- յայտնած է Քարնէկի  հիմնադրամի ծաւալուն զեկոյցը՝ անկախութեան 25 տարիներու վերաբերեալ:

«Հայաստանի իշխող վարչակազմի ու ժողովուրդի միջեւ անդունդ կը խորանայ՝ պաշտօնական Երեւանի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող շարք մը երեւոյթներու եւ իր իսկ թոյլ տուած սխալներու պատճառով»,- արձանագրած է կեդրոնի եւրասիական գծով առաջատար փորձագէտ Փօլ Սթրոնսկի՝ ընդգծելով՝ հայաստանցիները այլեւս պատրաստ չեն նախկինի նման հաշտուիլ սահմանափակ ժողովրդավարութեան ու տնտեսական դժուար կացութեան հետ միայն յանուն անվտանգութեան:

Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի քաղաքական համակարգը որակելով քաոսային, փորձագէտը նշած է՝ ընդդիմախօսները կարող են քննադատել կառավարութեան ու հրապարակաւ քննարկել խնդիրները, սակայն, ընտրութիւններու կամ սահմանադրական այլ ճանապարհով քաղաքականութեան վրայ ազդելու հնարաւորութիւնը կը մնայ սահմանափակ:

Զեկոյցին մէջ բաւական ծաւալուն անդրադարձ կայ Հայաստանի երեք նախագահներուն: «Չնայած ղարաբաղեան պատերազմի յաղթանակին՝ անկախութեան առաջին տարիները մութ ու ցուրտ էին, գնաճը հասաւ աննախադէպ մակարդակի, բնակչութեան կէսը յայտնուեցաւ աղքատութեան մէջ: Սրա հիմնական պատճառը պատերազմն ու Խորհրդային միութեան փլուզումն էր, բայց մեղադրանքներու մեծ մասը բաժին հասաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին»,- փաստած է զեկոյցը:

«Քոչարեանի ղեկավարումը համընկաւ տնտեսութեան դանդաղ վերականգնման հետ, Հայաստանի կազի, ելեկտրականութեան ու երթեւեկի ենթակառուցուածքները սկսան կրկին աշխատել: Քոչարեանի օրօք կառավարութեան անդամներու կամ անոնց հետ մերձաւոր իշխանութիւններու փոքր խումբ մը սերտ վերահսկողութիւն հաստատեց տնտեսական դաշտին մէջ, Չկարգաւորուած ղարաբաղեան խնդրի պատճառով Հայաստանը դուրս մնաց տարածաշրջանի կենսուժային ու երթեւակային ծրագրերէն, աւելցաւ կախուածութիւնը Ռուսիայէն»:

«2008-ի քաղաքական ճգնաժամը՝ տասը զոհերով, ի սկզբանէ ստուերեց Սերժ Սարգսեանի նախագահութիւնը, որ ստիպուած էր բախիլ շարք մը մարտահրաւէրներու՝ պաշտօնը ստանձնելով համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի տարիներուն»,- փաստած է փորձագէտը՝ բաւական մանրազննին կեդրոնանալով երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն ու անոնց խումբերու միջեւ ի յայտ եկած տարաձայնութիւններուն վրայ։

«Մենաշնորհները, կաշառակերութեան բարձր մակարդակը, թոյլ արդարադատութիւնը, ոչ թափանցիկ քաղաքական համակարգն ու պատերազմի շարունակական վտանգը կը ստիպեն մարդկանց հեռանալ երկրէն»,- փաստած է զեկոյցը՝ ընդգծելով՝ Գաղթի միջազգային կազմակերպութեան տուեալներով հայաստանցիներու մօտ 24 տոկոսը 2015 թուականին ապրած է երկրի սահմաններէն դուրս:

Անդրադառնալով յառաջիկայ ընտրութիւններուն՝ փորձագէտը նշած է. «Շատեր կը կարծեն, որ վերջին սահմանադրական փոփոխութիւններով Սերժ Սարգսեան մտադիր է նախագահութեան ժամկէտէն յետոյ վարչապետ դառնալ իշխանութիւնը իր ձեռքը պահելու համար, սակայն, հաշուի առնելով երկրին մէջ աճող դժգոհութիւնն ու քաղաքական հակառակորդներու միջեւ մրցակցութիւնը, այդ ծրագիրը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ»,- արձանագրած է Քարնեկի    հիմնարկի առաջատար փորձագէտ Փօլ Սթրոնսկին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment