Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քննարկում՝ Նուիրուած ԵՄ-Հայաստան Նոր Պայմանագրի Շուրջ

Քննարկում՝ Նուիրուած ԵՄ-Հայաստան Նոր Պայմանագրի Շուրջ

by MassisPost

Երէկ՝ 14 Դեկտեմբերին, «Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ» կազմակերպութեան (EuFoA) նախաձեռնութեամբ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է քննարկում՝ նուիրուած ԵՄ-Հայաստան նոր շրջանակային պայմանագրի շուրջ ընթացող մէկամեայ բանակցութիւններու արդիւնքներու ամփոփման:

Քննարկման ժամանակ ելոյթ ունեցած են ՀՀ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեանը, Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու վարչութեան պետ Տիրք Շուպելն ու Եւրոպական յանձնաժողովի առեւտուրի գլխաւոր տնօրինութեան՝ Ռուսիոյ, ԱՊՀ, Ուքրանիոյ, Արեւմտեան Պալքաններու, ԵԱԱԱ (EFTA), ԵՏԳ (EEA) եւ Թուրքիոյ հարցերով բաժանմունքի ղեկավար Պետրոս Սուրմելիսը: Քննարկման, որու համակարգողն էր Եւրոպական քաղաքական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հետազօտող, քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու Հրանդ Կոստանեանը, մասնակցած են աւելի քան 40 լրագրողներ, դիւանագէտներ, ԵՄ կառոյցներու, միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ տարբեր հետազօտական կեդրոններու ներկայացուցիչներ:

Իր ելոյթին, պարոն Շուպել ներկայացուցած է բանակցային գործընթացի քաղաքական տեսանկիւնները, ընդգծելով, որ Հայաստանը՝ ինքը պէտք է որոշէ, թէ որքանով պատրաստ է ընդունելու ԵՄ պայմանները:

Իր հերթին, պարոն Սուրմելիսը եւս մէկ անգամ շեշտեց, որ բանակցութիւնները կ′ընթանան դրական մթնոլորտի մէջ՝ արձանագրելով արագ առաջընթաց «առեւտուրի եւ ներդրումներու» ոլորտին մէջ: «Նոր համաձայնագիրը շատ աւելի մօտ կլինի արդեն գոյութիւն չունեցող «Խորը եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի պայմանագրին», քան ներկայիս «Գործ ընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագրին», այդուհանդերձ, ամենաբարդ հարցերը թողնուած են քննարկման վերջին փուլին»,-նշեց Սուրացուելը:

Պարոն Մելքոնեանը իր խօսքին մէջ պարզաբանեց, որ այս «Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը» չէ, եւ առեւտուրի ամբողջական գերազատականացում չպէտք է ակնկալել, այդուհանդերձ, նոր համաձայնագրով նախատեսուած է որոշ սակագիներու իջեցում: Անդրադառնալով բանակցութիւններու ժամանակացոյցին՝ պարոն Մելքոնեան նշեց. «Մեզ շատ աւելի մտահոգում է բովանդակութիւնը, քան ժամանակացոյցը: Մեզ համար աւելի կարեւոր է հասնել լաւ արդիւնքի, ցոյց տալով, որ Հայաստանը՝ իր ուժեղ ու կայուն քաղաքական, տնտեսական եւ վարչական համակարգով, կարող է իտիալական միջավայր ապահովել թէ՛ ԵՄ, եւ թէ՛ ԵԱՏՄ ու Իրանի ներդրումների համար»:

Պատասխանելով վիզայի ազատականացման վերաբերեալ հարցին՝ պարոն Շուպել շեշտեց, որ Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութիւնը (EEAS) պատրաստ է բանակցութիւններ սկսիլ Հայաստանի հետ Վիզայի ազատականացման գործընթացի շուրջ:

Պարոն Մելքոնեան ամփոփեց քննարկումը՝ շեշտելով, որ չնայած թէ Հայաստան ունի պարտաւորութիւններ այլ համալրման գործընթացներու մէջ եւս, սակայն «այս բանակցութիւնները ցոյց են տալիս Հայաստանի հաւատարմութիւնը ԵՄ-ին, որը եղել եւ մնում է ՀՀ հիմնական առեւտրային գործընկերը»:

EuFoA-ի տնօրէն Տիեկո Փինթոն քննարկման աւարտէն յետոյ նշեց, որ միջոցառումը յաջողած է: «Ես վստահ եմ, որ երկու կողմերու յաւակնութիւններն ու կառուցողական մօտեցումը կը հանգեցնեն գործընթացի դրական աւարտին, եւ Հայաստան-ԵՄ շրջանակային համաձայնագիրը շուտով կը ստորագրուի»:

12 Հոկտեմբեր, 2015-ին, Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը լիազօրեց Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Բարձր ներկայացուցչին սկսիլ բանակցութիւններ Հայաստանի հետ՝ նոր, պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող, համալիր համաձայնագրի շուրջ՝ տրամադրելով համապատասխան բանակցային լիազօրագիրը։ Բանակցութիւններու պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ 7 Դեկտեմբեր, 2015-ին։ Նոր համաձայնագիրը կը փոխարինէ գործող ԵՄ-Հայաստան Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագրին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment