Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Ամէն Ինչով Աջակցելու ենք Բոլոր Ծրագրերուն, Որոնք Ուղղուած են սուրիահայերու՝ Հայաստան Մնալուն»

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Ամէն Ինչով Աջակցելու ենք Բոլոր Ծրագրերուն, Որոնք Ուղղուած են սուրիահայերու՝ Հայաստան Մնալուն»

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր ընդունած է Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներ ներկայացնող խումբ մը սուրիահայ գործարարներ՝ անոնց յուզող հարցերը լսելու եւ լուծման տարբերակները քննարկելու նպատակով:

Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջի, սուրիահայ գործարարները բարձրացուցած են, մասնաւորապէս, տնտեսական համալրման խնդիրներով զբաղելու համար ստեղծուած «Սուրիահայերու Միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան գործունէութեան, տեղական արտադրութեան խթանման ու արտահանման, վարկաւորման, օրէնսդրական դաշտին վերաբերող, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր:

«Մենք ամէն ինչով աջակցելու ենք բոլոր այն ծրագրերին, որոնք ուղղուած կը լինեն սիրիահայերի՝ Հայաստանում մնալուն: Դուք իրականում մշակոյթ էք փոխել Երեւանում, պիզնեսի, ծառայութիւնների ոլորտում, եւ ձեր կայացումը մեզ համար չափազանց կարեւոր է»,- ըսած է Կարէն Կարապետեան:

Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ պետութիւնը պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերել սուրիահայ գործարարներուն՝ յորդորելով անոնց իրենց գործարքներու ծրագրերն ու առաջարկութիւնները ներկայացնել տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment