Home ԱՅԼԱԶԱՆ Բրիտանական The Times–ը Վերահրատարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Յօդուածը, որ Տպագրուած էր 100 Տարի Առաջ

Բրիտանական The Times–ը Վերահրատարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Յօդուածը, որ Տպագրուած էր 100 Տարի Առաջ

by MassisPost

Բրիտանական The Times–ը ներկայացուցած է այն յօդուածը, որ թերթին մէջ տպագրուած էր՝ 14 Դեկտեմբեր, 1916-ին։

Յօդուածին մէջ, ներկայացուած են փաստաթղթեր, որոնք կը վկայեն 1915-ի ողբերգական իրադարձութիւններու մասին։ Յօդուածին մէջ, նշուած է, որ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ մօտ 1.8 մլն հայ կը բնակէր։ Անոնցմէ մի քանիին հարկադրած են իսլամութիւն ընդունիլ, միւսները սպաննուած են կամ ալ կը գտնուին Թուրքիա, սարսափելի պայմաններու մէջ։ Փաստաթղթերուն մէջ նկարագրուած են նաեւ՝ հայ կանանց ու աղջիկներու նկատմամբ սարսափելի վերաբերմունքի օրինակներ։

«Բաւական է միայն մէկ փաստ, որպէսզի ցոյց տանք, թէ ինչ յատուկ մանրակրկտութեամբ կ′իրականացուէր հայերու տեղահանութիւնն ու մասնակի ոչնչացումը։ Անցեալ տարի Էրզրում, Պիթլիս ու Վան վիլայէթներուն (Նահանգներուն) մէջ կը բնակէր մօտ 580 հազար հայ։ Երբ այդ շրջանները անցան ռուսերու հսկողութեան տակ, այնտեղ միայն 12100 հայ կար։ Մնացեալը կամ մահացած էին, կամ տեղահանուած»,- ըսուած է յօդուածին մէջ։

Հեղինակները նաեւ նշած են, որ զանգուածային սպանութիւնները համակարգուած ու միտումնաւոր բնոյթ ունէին ու նախապէս ծրագրուած են Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ «Շրջանը շրջանի ետեւէն, մինչեւ ամբողջ ասիական քաղաքներուն ու գիւղերուն Թուրքիոյ մէջ հայկական թաղամասերը չդատարկուեցան»,- շեշտուած է յօդուածին մէջ։

Հեղինակները նշած են, որ այդ իրադարձութիւններու համար հիմնական մեղքը երիտ. թուրքերունն է, սակայն մեղաւորները ոչ միայն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ են, այլեւ Պեռլինի, ուր այդ իրադարձութիւններու վրայ աչք փակած են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment