Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ներկայացուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրը

Ներկայացուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրը

by MassisPost

Իր բնոյթով բացառիկ հաւաք մըն էր որ տեղի ունեցաւ անցեալ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2016, Կլենտէյլի «Պրէնտվիու» շքեղ դահլիճին մէջ: Հայ-Ամերիկան Թանգարանի Հոգաբարձուներու Մարմնի կողմէ կազմակերպուած սոյն ընդունելութեան նպատակն էր նախատեսուած կառոյցի տեսքի պաշտօնական ծանօթացումը ընդհանուր հասարակութեան:

Պատմական հաւաք  մըն էր, որուն ներկայ էին հայ գաղութի կրօնական երեք յարանուանութեանց առաջնորդները, քաղաքական կազմակերպութիւններու ղեկավարները, ազգային տարբեր կազմակերպութեանց, մամուլի եւ հեռատեսիլի ներկայացուցիչներ, Կլենտէյլի քաղաքապետուհի Տիկ. Փօլա Տիվայն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական Խորհուրդի հայ անդամները, նահանգային գոնկրէսականներ եւ շուրջ 400 հրաւիրեալներ:

Օրուան հանդիավար Զաւէն Գազազեանի հրաւէրով չորս համաատենապետներու հոգեւոր  առաջնորդներ` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Գերպ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, Վերպ. Պերճ Ճամպազեանի հաւաքական աղօթքով բացումը կատարուեցաւ յայտագրին:

Իր բացման խօսքին մէջ Զաւէն Գազազեան բնութագրեց հայ Ամերիկեան թանգարանի ու մշակութային կեդրոնի առաքելութիւնն ու առաջադրանքները, միաժամնաակ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ կարճամեթրաժ գունաւոր եւ եռածաւալ (3D) կենդանացեալ տեսաերիզ մը, որով ներկաները մօտէն գաղափար մը կազմեցին արուեստականօրէն վերակազմուած ապագայ թանգարանի հոյակապ կառոյցին մասին:

museum-concept-design-unveiling-ceremony

Ելոյթ ունենալով Կլենտէյլի քաղաքապետուհի Տիկ. Փօլա Տիվայն իր գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն նախաձեռնութեան մասին, որ կոչուած է նաեւ դառնալու մշակութային կեդրոն մը:

Ներկաներուն մէկ առ մէկ ծանօթացուեցան Հայ-Ամերիկեան թանգարանի հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամները, որոնք կը ներկայացնեն Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայկական 10 գլխաւոր կազմակեպրութիւնները (կրօնական, քաղաքական եւ բարեսիրական ու մշակութային):  Յատուկ յիշատակութեան արժանացան Սէնատի անդամ Տը Լէոնն ու Խորհրդարանական Ատրին Նազարեանը:

Հայ Ամերիկեան Թանգարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի շինութեան գործադիր մարմնի ատենապետ Պերճ Կարապետեան խօսք առնելով կարեւորութեամբ նշեց այս նոր կառոյցի բերելիք օգտաշատ նպաստի մասին: Արդարեւ շրջանի բնակչութեան համար կրթա-մշակութային կարեւոր հաստատութիւն մըն է, որ իր բարենպաստ ներդրումը պիտի ունենայ նոր սերունդի զաւակներուն առաւել եւս զարգացնելու իրենց գիտելիքները այս երկրի բազմազգ ժողովրուդներու անցեալի ժառանգութեան շուրջ:

Խօսելով վերոյիշեալ թանգարանի մասին Պերճ Կարապետեան հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ ծրագրաւորումի, արտօնագրի եւ յարակից այլ նախապատրաստական հանգրուանային աշխատանքներու գործընթացի մասին: Արդարեւ, ներկայիս թանգարանի կառուցման աշխատանքներու գործն ստանձնած է «Ալաճաճեան-Մարգոսի» հիմնարկութեան փորձառու ճարտարապետներու խումբը:

Նշենք նաեւ որ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի շինութեան աջակցելու համար Գալիֆորնիոյ կառավարիչը ընդառաջելով ներկայացուած պաշտօնական դիմումին, առ այժմ 1 միլիոն տոլարով իր մասնակցութիւնը կը բերէ կառոյցի ֆոնտին:

Ձեռնարկի կազմակերպիչները կը նախատեսեն հայ համայնքի նիւթական աջակցութիւնը, այս բազմածախս եւ ազգօգուտ ծրագրի իրականացման համար:

Կլենտէյլի կեդրոնը, Գոլորատօ պողոտայի վրայ կառուցուելիք ապագայ թանգարանի շինութիւնը իր աւարտին կրնայ հասնիլ երկու կամ երեք տարիէն:

Բարի երթ եւ յաջողութիւն ազգօգուտ ծրագրին:

street-west-to-east-night-time-dec-2016

plaza-perspective-dec-2016-1

lobby-perspective-dec-2016

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment