Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Մենք Այլեւս Այս Երկրին Մէջ Ամէն Ժամանակուան Կասկածելիները Նկատուիլ Չենք Ուզեր». Սելինա Տողան

«Մենք Այլեւս Այս Երկրին Մէջ Ամէն Ժամանակուան Կասկածելիները Նկատուիլ Չենք Ուզեր». Սելինա Տողան

by MassisPost

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն՝ Պոլսոյ հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան, 12 Դեկտեմբերին խորհրդարանին մէջ խիստ ելոյթ մը ունենալով՝ քննադատեց երկրի փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ նախատական կամ անհանդուրժողական արտայայտութիւն ունեցող քաղաքագէտները, որոնք 15 յուլիսի պետական հարուածէն ետք զանազան առիթներով թիրախ դարձուցած են փոքրամասնութիւնները։ Ան ըսաւ. «Մենք այլեւս այս երկրին մէջ ամէն ժամանակուան կասկածելիները նկատուիլ չենք ուզեր։ Իշխանութեան ձեր նախկին ընկերակիցին կողմէ գործուած սխալներուն պատասխանատուութիւնը՝ (փոխվարչապետ) Նուման Քուրթուլմուշին բառերով՝ «կեաւուր»ներուն վրայ մի բեռցնէք»։

Տողան խորհրդարանին մէջ այս ելոյթը ունեցաւ, երբ կը խօսուէր գաղթի վարչութեան ամավարկին մասին։ Հայ երեսփոխանը իբրեւ օրինակ յիշեց ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընը հսկողութեան տակ առնելը։ Պրանսըն, որ 22 տարիէ ի վեր Թուրքիա կը գտնուի, Հոկտեմբեր 7ին հսկողութեան տակ առնուեցաւ ու աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր  բանտարկուած կը մնայ։ Տողան յիշեցուց, որ արտակարգ վիճակի մէջ իսկ, հսկողութեան տակ պահուելու առաւելագոյն ժամանակը 30 օր է, ուրեմն ո՞ր օրէնքի լոյսին տակ է, որ 64 օրէ ի վեր հսկողութեան տակ կը պահուի յիշեալ հոգեւորականը։

Տողան նաեւ ըսաւ, որ պետական հարուածի փորձէն ետք, իշխանամէտ կուսակցութեան անդամ չեղողները սկսած են կասկածելիներ նկատուելու։ Ան յիշեցուց, որ իշխանամէտ թերթերէն մէկը նոյնիսկ պատասխանատուութիւն բեռցնել փորձած է Յունաց պատրիարքարանին վրայ, իսկ ուրիշ մըն ալ պնդած է, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլեն հա՛յ է։ «Ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ան հայ ըլլար», հարց տուաւ Տողան եւ աւելցուց, թէ այս գծով վերջին օրինակը եկաւ անտառներու պահպանութեան նախարար Վէյսել Էրօղլուէն, որ ըսած էր, որ եթէ Կիւլեն մեռնի Ամերիկայի մէջ, ան պիտի թաղուի հրեաներու գերեզմանատան մէջ։

«Յարգելի երեսփոխաննե՛ր, մենք, որպէս այս երկրի փոքրամասնութիւնները, անհանգի՛ստ ենք։ Ինչպէս «Քազապլանքա» նշանաւոր ժապաւէնին մէջ, ուր կտրուկ կերպով կը հրահանգուի հաւաքել ամէն ժամանակուան կասկածելիները, մենք չե՛նք ուզեր ամէն ժամանակուան կասկածելիները նկատուիլ», եզրակացուց Տողան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment