Տիարպէքիրի (Տիգրանակերտ) մէջ մեծ աւերածութիւններու ենթարկուած հայկական եկեղեցիները պիտի վերանորոգուին: Այս մասին կը յայտնէ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը, որ նոյնպէս կը փոխանցէ, որ Սուր թաղամասին մէջ գտնուող երկու հայկական եկեղեցիները կրած են խոշոր վնասներ: Աղբիւրը կը փոխանցէ, որ այդ վերանորոգումներու ծախսերը պիտի հոգայ՛ Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը, որ 40 միլիոն լիրայի (մօտ 12 միլիոն տոլար) հասնող պիւտճէ մը նախատեսած է այդ աշխատանքներու իրականացման համար:
Վերակառուցման արդիւնքով պիտի պահպանուի եկեղեցիներու նախնական տեսքը: Գործակալութիւնը նաեւ փոխանցած է, որ վերանորոգման աշխատանքները ընթացք առած են եւ անոնք պիտի տեւեն երկու տարի: