Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱՄՆ Դեսպան – ՀՀ-ն Կրնայ Հպարտանալ իր Քաղհասարակութեամբ

ԱՄՆ Դեսպան – ՀՀ-ն Կրնայ Հպարտանալ իր Քաղհասարակութեամբ

by MassisPost

Հայաստանը կրնայ հպարտանալ իր քաղաքացիական հասարակութեամբ, որ կը  բացակայի դրացի երկիրներէն շատերուն մէջ: Այս մասին 9 Դեկտեմբերին, Մարդու իրաւունքներու միջազգային օրուան կապակցութեամբ (10 Դեկտեմբեր) իր յայտարարութեան մէջ նշած է ՀՀ-ի ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլսը:

Ան, մասնաւորապէս, նշած է. «1948-ին, այս օրը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի կողմէն ընդունուեցաւ Մարդու իրաւունքներու մասին համընդհանուր հռչակագիրը՝ շրջադարձային փաստաթուղթ, ուր առաջին անգամ առանձնացուեցան մարդու հիմնարար իրաւունքները, որոնք պէտք է պաշտպանուին բոլոր երկիրներուն մէջ, բոլոր պետութիւններուն կողմէ: Մարդու իրաւունքներու խթանումը ԱՄՆ կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքային տարրերէն է, եւ մենք ամէն օր կ’աշխատինք առաջ մղել հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները բոլորին համար:

Այսօր, երբ մենք կը նշենք Մարդու իրաւունքներու միջազգային օրը, կ’ուզէի անդրադարձ կատարել մարդու իրաւունքներու իրավիճակին Հայաստանի մէջ: Նախ, կ’ուզեմ գովեստով արտայայտուիլ այս հարցով Հայաստանի կառավարութեան ունեցած առաջընթացի մասին: Հայաստանը կրնայ հպարտանալ իր աշխուժ քաղաքացիական հասարակութեամբ, յատկապէս՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ. այս կայացած իրողութիւն է Հայաստանի մէջ, որ, ցաւօք, կը բացակայի Հայաստանի դրացի երկիրներէն շատերուն մէջ: Ես կ’ուզեմ առանձնակի ողջունել Հայաստանի կառավարութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ համագործակցութեան մեծացումը: Օրինակ՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան նորաստեղծ Մարդու իրաւունքներու ու բարեվարքութեան կեդրոնը քաղաքացիական հասարակութեան ներգրաւած է զինեալ ուժերու մէջ մարդու իրաւունքներու, բարոյագիտութեան, բարեվարքութեան ու կաշառակերութեան դէմ  պայքարին միտած աշխատանքներուն մէջ:

Քննչական կոմիտէն ընտանեկան բռնութեան ուղղուած հարցերուն կը համագործակցի հասարակական կազմակերպութիւններու հետ եւ իրականացուցած է լուրջ ներքին ուսումնասիրութիւն, որուն միջոցով կ’ապահովուին ընտանեկան բռնութեան դէպքերու ու իրաւապահներու կողմէն այդ գործերու վառման վերաբերեալ շատ անհրաժեշտ տուեալներ:

Երրորդ, կ’ուզեմ նշել այն գնահատելի  աշխատանքը, որ կը կատարէ  Մարդկանց մաքսանենգութեան հարցերով միջգերատեսչական աշխատանքային խումբը, որ մաքսանենգութեան կրճատման նպատակով յաջողութեամբ կը մէկտեղէ քաղաքացիական հասարակութեան, կառավարութեան ու  իրաւապահ կառոյցներու ջանքերը: Այս ջանքերը ուղղակիօրէն յագեցուցած են անոր, որ ԱՄՆ պետքարտուղարութեան ամէնամեայ գնահատումներուն մէջ Հայաստանը արդէն 4 տարի անընդմէջ տեղ կը գտնէ 1-ին խումբի երկիրներու շարքին, որ ուշագրաւ ձեռքբերում է: Իրաւունքի գերակայութեան ու դատաիրաւական համակարգի ամրապնդման հարցով անկախացումէն ի վեր Հայաստանը նշանակելի քայլերու ձեռնարկած է, սակայն նախնական կալանքի կիրառման հարցը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ: Դատա-իրաւական գործընթացին նախնական կալանքը կարեւոր նշանակութիւն ունի, բայց ժողովրդավարական հասարակարգի մէջ այն պէտք է աւելի շատ կիրառուի որպէս բացառութիւն եւ ոչ որպէս կանոն եւ միայն որպէս ծայրայեղ միջոց այն դէպքերուն, երբ կիրառելի կամ նպատակայարմար չեն խափանման միւս այլընտրանքները, որոնք կը կանխեն մեղադրեալի փախուստը, վերջինիս կողմէ այլոց վնաս պատճառելը եւ քննութեան ընթացքը խոչընդոտելը: Նախնական կալանքը պէտք չէ կիրառել որպէս պատժիչ գործիք, որով քաղաքացիներուն թոյլ չի տրուիր իւրացնել խօսքի ու հաւաքներու իրենց ազատութիւնը:

Նախնական կալանքի մասին որեւէ որոշում պէտք է ըլլայ ամբողջովին թափանցիկ, եւ բոլոր որոշումները պէտք է ամուր իրաւական հիմնաւորումներ ունենան, ինչպէս պահանջուած է միջազգային չափանիշներով, եւ այդ յատկապէս կը կարեւորէ քաղաքական առումով զգայուն գործերու պարագային կամ այն ժամանակ, երբ կալանքի մասին որոշմամբ երկար ժամկէտով անազատութեան մէջ կը յայտնուին կառավարութեան ընդդիմադիրները կամ քաղաքացիական ակտիվիստները: Կալանքի բոլոր դէպքերուն մէջ կառավարութիւնը պարտաւոր է հոգ տանիլ այդ անձանց մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Այն պարագային, երբ նախնական կալանքի կիրառումը արդարացուած է, մենք իշխանութիւններու ուշադրութիւնը կ’ուզէինք հրաւիրել մարդասիրական հետեւանքներուն եւ ընտանիքի անդամներու ու փաստաբաններու հետ կայուն ընթացակարգային պահանջներու հիման վրայ տեսակցութիւն պահանջելու ու ստանալու իրաւունքի երաշխաւորման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment