Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատամ Շիֆ Խորապէս Մտահոգուած է Թրամբի եւ իր Խումբի՝ Թուրքիոյ Հետ Ունեցած Կապերու Մասին

Ատամ Շիֆ Խորապէս Մտահոգուած է Թրամբի եւ իր Խումբի՝ Թուրքիոյ Հետ Ունեցած Կապերու Մասին

by MassisPost

Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու կարեւոր գործընկերն է, եւ մենք շահագրգռուած ենք տեսնելու Հայաստանը տնտեսապէս զարգացած: Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ին ըսած է ԱՄՆ գոնկրեսական, Հայկական յանձնախումբի փոխհամանախագահ Ատամ Շիֆ:

Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար գոնկրեսականը առանձնացուցած է բարձր ճարտարարուեստագիտութիւններու ոլորտը, որ ըստ իրեն մեծ հեռանկարներ ունի Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի տնտեսական զարգացման կարեւոր արտաքին խոչընդոտներէն է Թուրքիոյ շրջափակումն ու Ատրպէյճանի հետ կապուած խնդիրները, ըսած է գոնկրեսականը: Ան կոչ ըրած է ԱՄՆ-ի դիւանագէտներուն աւելի կտրուկ ու առարկայական կերպով  արձագանքել Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներուն:

ԱՄՆ-ի համար՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը գոնկրեսական Շիֆ կապած է նաեւ ամերիկահայ մեծ համայնքի առկայութեան հետ, որ, ըստ Շիֆի աշխուժ դեր ունի Հայաստանի կեանքին մէջ, յատկապէս երկրի օրէնքի գերակայութեան հաստատման խնդրին նկատմամբ:

«Իմ ընտրատարածքում ես գիտեմ շատ մարդկանց, ովքեր պատրաստ են ներդրումներ անել Հայաստանում, սակայն մեր մտահոգութիւնն այն է, թէ արդեօք այդ ներդրումները կը պաշտպանուեն օրէնքի ուժով»:

Գալիք ամերիկեան վարչակազմի յետագայ դիրքորոշման վերաբերեալ, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, գոնկրեսականը մտահոգութիւններ յայտնած է՝ Հայաստանի եւ ամերիկահայ համայնքի վերաբերող հարցերուն շուրջ: Ան ըսած է, թէ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբն ու անոր խումբի որոշ անդամները սերտ գործնական կապեր ունին Թուրքիոյ հետ, որ բացասաբար կրնան անդրադառնալ ԱՄՆ-ի հայկական օրակարգին վրայ:

Գոնկրեսականի կարծիքով Թուրքիոյ նկատմամբ առկայ հետաքրքրութիւնը յատկապէս դրսեւորուեցաւ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի հետ կապուած հարցով, երբ առանց լուրջ հիմնաւորումներու Թրամբի խումբի որոշ անդամներ կոչ ըրած էին ԱՄՆ-ին, Կիւլէնը՝ յանձնել Թուրքիոյ:

Հարցազրոյցի ընթացքին գոնկրեսական Շիֆ անդրադարձաւ նաեւ սուրիական ճգնաժամին ու քննադատութեան ենթարկեց Ռուսիոյ դերակատարութիւնը այս հակամարտութեան մէջ, որ ուժեղացուցած է Պաշար Ասատի դիրքերը ու համոզած անոր, որ այս հակամարտութիւնը հնարաւոր է լուծել ռազմական ճանապարհով:

«Սիրիական ճգնաժամը խոշոր մարդասիրական ճգնաժամ է, որի արդիւնքում ունենք Երկրորդ աշխարհամարտից ի վեր շատ աւելի փախստականներ՝ մնացած հակամարտութիւնների հետ համեմատած: Կարծում եմ ամբողջ աշխարհի ջանքերը պէտք է միտուած լինեն այս հակամարտութեան դադարեցմանը»:

Ան դրական գնահատեց Հայաստանի ներդրումը Սուրիայէն փախստականներ ընդունելու եւ անոնց քաղաքացիութիւն շնորհելու հարցով՝ ընդգծելով միջազգային կառոյցներու կողմէ օգնութեան տրամադրման անհրաժեշտութիւնը:

«Ես անում եմ ամէն ինչ, որ Հայաստանը ստանայ օժանդակութիւն ՄԱԿ-ի կառոյցներից եւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութիւնից՝ փախստականներին օգնելու համար»:

Ան նաեւ կարեւորած է Սուրիոյ եւ Իրաքի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցը, որոնց կարգին են այս երկիրներուն մէջ դարերէ ի վեր ապրող հայկական համայնքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment