Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Օրօրա 2017»-ի Մրցանակաբաշխութիւնը Տեղի Կ’ունենայ 28 Մայիսին՝ Երեւանի մէջ

«Օրօրա 2017»-ի Մրցանակաբաշխութիւնը Տեղի Կ’ունենայ 28 Մայիսին՝ Երեւանի մէջ

by MassisPost

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունէն՝ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներու ստեղծուած «Օրօրա» մարդասիրական մրցանակի միջոցառումները յաջորդ տարի կը տեւեն մէկ ամիս՝ մեկնարկելով 24 Ապրիլին, երբ կը յայտարարուին յաւակնորդներու անունները, շարունակուելով մինչեւ 28 Մայիս, այսօր տեղեկացուց «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ղեկավար Արման Ճիլավեանը:

«Փորձում ենք նոր լուծումներ գտնել, փորձում ենք էլ աւելի շատ ներգրաւել նաեւ ստեղծարար տաղանդներ Հայաստանից եւ Սփիւռքից, որպէսզի նաեւ այդ փորձը եւ այդ հնարաւորութիւնը, որ «Օրօրան», որպէս միջոցառում, ինքը հենց մրցանակաբաշխումը տալիս է՝ մնայ Հայաստանում եւ հայկական աշխարհում»,- ըսաւ ան:

Հիմնական գործարար Ռուբէն Վարդանեանի միջոցներով իրականացուող «Օրօրան» առաջին անգամ կայացաւ այս տարի: Հոլիվուտեան յայտնի դերասան Ճորճ Քլունին 24 Ապրիլին, Երեւանի մէջ, մարդասիրական մրցանակի առաջին յաղթող յայտարարեց Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն 30 հազար որբերու ու փախստականներու կեանք փրկած Մարկարիթ Պարանքիցէին:

Մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն մէջ ներգրաւուած Քլունին, ամենայն հաւանականութեամբ, յաջորդ տարի եւս կ’այցելէ Հայաստան, յայտարարեց «Օրօրա» նախաձեռնութեան ղեկավարը:

Անցեալ տարի «Օրօրա» նախաձեռնութիւնը, բացի մրցանակէն ու մասնագիտական քննարկումներէն ներառած է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի ուսանողներուն Հայաստան ուսանելու դրամաշնորհներու տրամադրում:

«Օրօրա» առաջին մրցանակաբաշխութիւնը, ըստ նախաձեռնութեան ղեկավարին՝ սպասուածէն աւելի մեծ յաջողութիւն գրանցած է:

Որպէս «Օրօրա» մրցանակի թեկնածու ընկերներու կողմէ առաջադրուած է նաեւ Երեւանի մէջ, յուլիսեան դէպքերու ժամանակ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբին սնունդ հասցուցած Արթուր Սարգսեանը, որ այժմ կալանաւորուած է:

Յաւակնորդներու երկար ցուցակէն ընտրող յանձնաժողովը, որ հիմնականին բաղկացած է «Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի» դափնեկիրներէն, պիտի ընտրէ «Օրօրայի» հիմնական յաւակնորդներուն՝ հիմք ընդունելով երեք չափանիշներ․ – «Արդեօ՞ք եղել է նուիրուածութիւն, արդեօ՞ք եղել է խիզախութիւն եւ արդեօ՞ք կայ ազդեցութիւն, որը ինչ-որ աւելի երկար ժամանակում, ոչ թէ տուեալ կէտում, տուեալ պահում, բերում է հումանիտար եւ հումանիստական օգուտ»:

Երկրորդ «Օրօրայի» համար արդէն իսկ առաջադրուած է 558 թեկնածու: Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Օրօրա Մարտիկանեանի անունը կրող մրցանակի դափնեկրին պիտի շնորհուի 100 հազար տոլար պարգեւ, եւս 1 միլիոն տոլար մրցանակակիր հայեցողութեամբ կ’ուղղուի մարդասիրական գործունէութեամբ զբաղող որեւէ կազմակերպութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment