Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ-ի Համագումարը

ՀՀԿ-ի Համագումարը

by MassisPost

Յառաջիկայ Ապրիլին պիտի կայանան Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները ու հետեւաբար, նախընտրական շրջանը խճողուած է կուսակցութեանց համագումարներով:

Ըլլալով իշխող կուսակցութիւն, «Հանրապետականի» համագումարը իր վրայ կեդրոնացուցած էր  բոլորի ուշադրութիւն, ոչ անոր համար, որ բացառիկ երեւոյթներ պիտի պարզուէին եւ կամ անակնկալներ կրնային պատահիլ, այլ պարզապէս իմանալու համար, թէ այդ կուսակցութիւնը ինչպիսի  վերաբերմունք ունի երկրի ու ժողովուրդի նկատմամբ, որու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը  կը տուայտի տնտեսական ու ընկերային բազում դժուարութիւններու տակ, ու հակառակ այդ բոլորին, քսան տարիներէ ի վեր կը շարունակէ «վերընտրել» այդ կուսակցութիւնը` որպէս առաջնորդող ուժ:

Բնականաբար, ամենէն կարեւորը Հայաստանի եւ Կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթն էր, որու առանցքը կազմեցին արձանգրուած յաջողութիւններու, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւման, աշխատավարձերու բարձրացման, տնտեսական տագնապի յաղթահարման եւ այլ լաւատես յայտարարութիւնները: Խօսք չկար արտագաղթի մասին, կոռուպցիայի եւ աղքատութեան մասին: Խօսք  կար Եւրոպական շատ մը երկիրներէն աւելի բարձր տնտեսական աճի մասին:

Շատ պիտի ուզէինք որ, նախագահի այս խօսքերը համապատասխանէին իրականութեան:  Սակայն անոնք  հակասութեան մէջ կը գտնուէին նոր վարչապետի բազմաթիւ անգամներ կատարած այն յայտարարութիւններուն հետ, որ երկրի տնտեսութիւնը կը գտնուի խիստ ծանր վիճակի մէջ:

Բնական է, որ  կուսակցական համագումարներու ընթացքին հնչեն ինքնագովութեան  արտայայտութիւններ, սակայն անոնք պէտք  է, գոնէ որոշ չափով, համապատասխանեն իրականութեան:

Դժբախտաբար, ՀՀԿ-ի համագումարը խոցելի էր ոչ միայն բովանդակութեան առումով, այլ  նաեւ հոն պարզուած երեւոյթներով:  Բոլոր առաջարկութիւններու բաց քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ ընդունումը, խօսուն ապացոյց էր  ներկուսակցական ժողովրդավարութեան բացակայութեան  մասին` միակուսակցական  երկիրներու յատուկ ոճով: Իսկ   նման կուսակցութիւններ, ինչպիսին է ՀՀԿ-ն, չեն կրնար երկիր մը առաջնորդել  դէպի ժողովրդավարութիւն ու բարգաւաճում, երբ ներքնապէս զուրկ են  բարոյական նուազագոյն պահանջներէն:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment