Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Վեհաժողովը Ղարաբաղեան Տագնապի Վերաբերեալ Բանաձեւ Ընդունեց

Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Վեհաժողովը Ղարաբաղեան Տագնապի Վերաբերեալ Բանաձեւ Ընդունեց

by MassisPost

Անթանանարիվոյի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 16-րդ վեհաժողովը 27 Նոյեմբերին ընդունեց Ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւը, ուր Հայաստանի առաջարկով ամրագրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու լիակատար աջակցութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:

«Կոչ ենք անում հակամարտութեան բոլոր կողմերին զերծ մնալ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումից, ինչը կարող է վտանգել կարգաւորման խաղաղ գործընթացը, շարունակել բանակցութիւնները Մինսքի խմբի համանախագահների միասնական եւ անբաժան հէնք հանդիսացող առաջարկութիւնների հիման վրայ՝ մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքների հիման վրայ»,-  ըսուած է միջազգային կազմակերպութեան 16-րդ վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment